2010-05-06 14:02:19

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 6 մայիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Տիկին Տորիս Լէուդար ` նախագահը Զուիցերական դաշնակցութեան եւ անոր շքախումբը

Ապա Քուէյթի իշխան՝ Շէյխ Սապահ ալ Սապահը եւ անոր շքախումբը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պելկիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

Իսկ ուրբաթ օրը Սրբազան Քահանայապետը կ'ընդունի Վրաստանի հանրապետութեան նախագահը տիար Սահակաշվիլի։ Ան նախապէս եղած է իր երկրին արդարութեան նախարարը եւ 2004ին հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է։ Ասիկա առաջին անգամն է որ նախագահ Սահակաշվիլի հանդիպում կ'ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։ Յայտնենք թէ Վրաստանի բնակչութեան թիւը շուրջ 4 միլիոն է, որոնց 83 տոկոսը օրթոտոքս են, 10 տոկոսը մահմետական եւ 3,9 հայ։ Նշենք նաեւ որ հայերու մեծամասնութիւնը Ջաւախ եւ Թիփլիս կը բնակին։

Քահանայապետական անունաում։

Պենետինկտոս ԺԶ Քահանայապերտը նշանակեց կարտինալ Էիւմմէս` կառավարիչը կղերի ժողովի, որպէս քահանայապետական յատուկ նուիրակ, մասնակցելու՝ Պրազիլի ազգային Ս. Հաղորդութեան 16րդ ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Պրազիլիա 13-16 մայիս 2010։

 

Զուիցերական պահակագունդի 31 նոր թեկնածուներ։

Մայիս 6ին յետմիջօրէին՝ Զուիցերական պահակագունդի 31 նոր թեկնածուներ երդում կը կատարեն Վատիկան, գերապայծառ ֆերնարտօ ֆիլոնի առջեւ։ Անոնցմէ 11ը ֆրանսախօս են եւ մէկը սպայ յանձին Ուլիամ Քլոդերի, որ իր կարգին երդում պիտի կատարէ եւ պաշտօնապէս մաս պիտի կազմէ պահակագունդին։ Ամէն տարի երդման արարողութիւնը կը կատարուի մայիս 6` զուիցերական պահակագունդի դիմադրութեան օրը Շառլս Քէնթի բանակին, որ տեղի ունեցաւ 6 մայիս 1527ին՝ ի պաշտպանութիւն Կեղեմես եօթներորդ պապին։ Հինգշաբթի առաւօտ Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ գոհաբանութեան պատարագ մատուցեց Զուիցերական պահակներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Կարտինալ Պերթոնէ ըսաւ ՜՜Զուիցերական պահակագունդը յատկանշուած է իր տրամադրելիութեամբ Սրբազան Քահանայապետին ի սպաս։ Ան մօտէն կը հսկէ Սրբազան Պապին անձին, ասիկա սիրոյ ներգործութիւն մըն է հանդէպ Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ։ Մենք խորանին շուրջ համախմբուած ենք գոհութիւն տալու Ամենաբարի Աստուծոյ ձեր ցուցբերած վեհանձնութեան համար ինչպէս նաեւ երախտապարտ սրտով շնորհակալութիւն յայտնելու ձեր անսակարկ նուիրումին համար։ Իմ աղօթքը կը բարձրացնեմ առ Աստուած, եզրափակեց կարտինալը, ձեզի համար ինչպէս նաեւ քահանայապետական զուիցերական պահակագունդի բոլոր ննջեցեալներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.