2010-05-05 14:40:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 5 մայիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Սրբազան Հայրը, այսօր խօսեցաւ յատկապէս Յիսուսի պատանքին մասին, որ անցեալ կիրակի օրը այցելած էր, Թորինօ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Յիսուսի պատանքը, որուն առջեւ անցեալ կիրակի օրը աղօթեցի, կ'օգնէ մեզի մտաբերելու Յարուցեալ Քրիստոսի փրկարար առաքելութեան մասին, որ ներկայիս կը շարունակուի քահանայական խորհրդակատարութեամբ։

Քահանան, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, պաշտօն ունեցաւ սրբացնելու մարդիկը, մասնաւորապէս սուրբ խորհուրդներու մատակարարումով ու Եկեղեցւոյ պաշտամունքով։

Անհատ մը սրբացնել կը նշանակէ զայն կապի մէջ դնել Աստուծոյ հետ։ Քահանան կամուրջ մըն է որ կը նպաստէ որպէսզի անհատը կապի մէջ մնայ Աստուծոյ հետ։ Հետեւաբար քահանան պէտք է ըլլայ տրմադրելի, վեհանձն եւ ուշադիր ընծայելու իր եղբայրներուն Աստուծոյ շնորհքի գանձերը, որոնք սեփականութիւնը չեն քահանային։ Քահանաները արդարեւ այդ գանձերու պահակներն են ու մատակարարները։

Քահանան միշտ պէտք է յիշէ որ Աւետարանի քարոզութիւնը եւ պաշտամունքը անբաժան են։ Արսի սուրբ ժողովորդապետի նման, քահանան պէտք է նախապատութիւնը տայ հաւատացեալներու սրբութեան։ Աղօթքս է որ քահանաները մեծ ուրախութեամբ, նուիրումով ու եռանդով կատարեն ծիսակատարութիւնն ու պաշտամունքը։ Խոստովանարանը թող ըլլայ կեդրոնը հաւատացեալներու հաշտութեան Աստուծոյ հետ։ Մեծ երկիւղածութեամբ քահանաները պէտք է կատարեն պատարագը, որ առանցքը կը կազմէ հաւատացեալներու սրբադասումին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով Աստուծոյ ժողովուրդը աղօթելու քահանաներուն համար, որպէսզի անոնք միշտ ըլլան հովիւները Աստուծոյ սրտին համաձայն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները Տիրոջմէն հայցելով որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Թող Աստուած ամէնքդ օրհնէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, հուսկ՝ քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, ըսելով. ՜՜Թող Յարուցեալ Քրիստոսը իր սիրով լիացնէ ձեր սրտերը, որպէսզի խանդավառութեամբ քալէք Յիսուսի ետեւէն։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.