2010-05-05 13:33:54

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն - Ռեթէոս Պէրպէրեան (1851-1907).


Էջ Մը Հայ Գրականութենէն - Ռեթէոս Պէրպէրեան (1851-1907). Հայ մտքի եւ հոգիի մեծանուն մշակը։

Այս տարի ապրիլ 21ին լրացաւ ,մահուան 103րդ տարելիցը հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան անուանի երախտաւորներէն Ռեթէոս Պէրպէրեանի։
Հայ մտքի եւ հոգիի, հայ մշակոյթի, գիրի ու դպրութեան նուիրեալ պահակներէն եղաւ Ռեթէոս Պէրպէրեան, որ իր կեանքին ու վաստակին նշանաբանը դարձուց ՝՝առանց կրթութեան չիկայ կեանք, չիկայ երջանկութիւն՝՝ հանգանակը։ Ռեթէոս Պէրպէրեան թէ՛ բանաստեղծական-ստեղծագործական իր ներդրումով հարստացուց հայ գրական անդաստանը, թէ՛ կրթական-ուսուցչական իր անձնուէր ծառայութեամբ հայոց ազգային արժէքներն ու աւանդները լիարժէք փոխանցեց իրերայաջորդ սերունդներու։
Մեծանուն իր ժամանակակիցը՝ Օրմանեան Պատրիարք Հայրը ՝՝զարգացելոց եւ Ուսուցչապետ՝՝ տիտղոսին արժանացուց Ռ. Պէրպէրեանին, իսկ հայ գրականութեան նորավէպի իշխանին՝ Գրիգոր Զօհրապի վկայութեամբ, Պէրպէրեան պարտականութեան մարդն էր, օգտակարին, գեղեցիկին եւ բարիին քարոզիչը։
Իր անունը անմահացաւ յատկապէս հայ կրթական կարեւորագոյն օճախներէն՝ Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանի հիմնադրութեամբ եւ ճառագայթող գործունէութեամբ։ Ինչպէս որ Թէոդիկ վկայած է իր Ամէնուն Տարեցոյցի 1908ի հատորով, Ռ. Պէրպէրեանի ապաժամ մահուան առիթով (56 տարեկան հասակին) ,1876ին հիմնուած 31 տարուան դպրոցը իր փառքի կոթողը, հասցունելով երկրին ու համայնքին պատիւ բերող բազմաթիւ սաներ։
Ծնած էր 1851ին, Խասգիւղ, Պոլիս։ Թաղի Ներսէսեան վարժարանի մէջ ստացաւ իր նախակրթութիւնը, որ զարգացուց եւրոպական լեզուներու սերտողութեամբ Պոլսոյ օտար վարժարաններու մէջ, բայց յատկապէս ինքնազարգացման շեշտակի եւ անդուլ ճիգով։ Կանուխ տարիքէն դրսեւորեց մանկավարժական իր կոչումին ուղղութեամբ նուիրում, որ եւ դարձաւ իր կեանքին մղիչ ուժը։ 16 տարեկանին արդէն սկսաւ անձնական դասեր տալ բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ իր տարեկիցներուն։ Հազիւ 25 տարեկան էր Ռ. Պէրպէրեան, երբ 1876ին ձեռնարկեց նախ Քաղքեդոնի (Գատըգիւղ), ապա Սկիւտարի մէջ սեփական վարժարանի հիմնումին։ Եւ իր անունով կոչուած Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը բառին բուն իմաստով սերնդա-կերտումի օճախ դարձաւ արեւմտահայ իրականութեան մէջ՝ ներգրաւելով ոչ միայն Պոլսոյ, այլեւ գաւառներու նորահաս սերունդը գիշերօթիկի իր բաժնով։
Սիամանթոյի, Վահան Թէքէյեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի տարողութեամբ բանաստեղծ ու մտաւորական մեծութիւններ հասցուցած Պէրպէրեան վարժարանը ի սկզբանէ եղաւ դաստիարակչական մեծ կոչումի տէր հաստատութիւն։ Մինչեւ 1907ի իր մահը, իբրեւ վարժարանին տնօրէնը եւ ուսուցչապետը, Ռեթէոս Պէրպէրեան հոգեմտաւոր արժէքներու՝ գեղեցիկին, բարիին եւ հանրօգուտին ծառայելու իր խառնուածքը, հայեցի աշխարհայեացքն ու աննիւթական արժէքներու պաշտամունքը անմնացորդ փոխանցեց՝ իր աշակերտներուն։
.







All the contents on this site are copyrighted ©.