2010-05-04 14:04:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Սրբազան Քահանայապետը Փիիլիպեան կղզեխումբի Իբիլ փոխանորդութիւնը թեմի բարցրացուց, զայն ենթարկելով Զամբուանկա արքեպիսկոպոսական թեմին եւ միաժամանակ նոր թեմի առաջնորդ նշանակեց գերապայծառ Թոնէլ, անոր եպիսկոպոսական աստիճան շնորհելով։



Պելկիայի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը մայիս 3-8։

Պելկիայի 11 եպիսկոպոսները ներկայիս Հռոմ կը գտնուին հնգամեայ կանոնական այցելութիւն կատարելու։ Անոնք իրենց կեցութեան ընթացքին նախ անհատաբար հանդիպում կ'ունենան Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին եւ Ս. Աթոռի զանազան նախարարութիւններու հետ։

Մայիս 7ին առաւօտուն անոնք հաւաքական հանդիպում պիտի ունենան Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Մայիս 3ին Պելկիայի եպիսկոպոսները համապատարագեցին Ս. Պետրոս տաճարի գետնադամբանը որմէ ետք սկիզբ առաւ իրենց հանդիպումները առաքելական դատարանը ու հաղորդակցութեանց եւ մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդները։ Յայտնենք թէ անցեալ ապրիլ 24ին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պելկիայի նոր դեսպանը, իր հաւատարմագրերու ներկայացման համար։ Այդ առթիւ Սրբազան Հայրը ընգծեց թէ ՜՜անհրաժեշտ է որ եկեղեցւոյ գաղափարներն ու կեցուածքները յարգուին՝՝։

Զուիցերական պահակագունդի 31 նոր թեկնածուներ։

Մայիս 6ին Զուիցերական պահակագունդի 31 նոր թեկնածուներ երդում պիտի կատարեն Վատիկանի մէջ, գերապայծառ ֆերնարտօ ֆիլոնի առջեւ։ Անոնցմէ 11ը ֆրանսախօս են եւ մէկը սպայ յանձին Ուլիամ Քլոդերի, որ իր կարգին երդում պիտի կատարէ եւ պաշտօնապէս մաս պիտի կազմէ պահակագունդին։ Ամէն տարի երդման արարողութիւնը կը կատարուի մայիս 6-ին՝ զուիցերական պահակագունդի դիմադրութեան օրը ի պաշտպանութիւն Կեղեմես Է.ին, Շառլս Քէնթի բանակի դէմ, 6 մայիս 1527ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.