2010-05-04 14:09:04

Հակիրճ լուրեր հայկական կեանքէն


Երեւան - Մայիս 18-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թանգարաններու եւրոպական գիշերը։ Այդ օրը բազմաթիւ երկիրներու թանգարաններ պիտի բանան դռները այցելուներու առջեւ , հնարաւորութիւն տալով անվճար մէկ գիշերուայ ընթացքին քանի մը թանգարան այցելելու։ Նախաձեռնութեան նպատակը հասարակութեան ուշադրութիւնը դէպի թանգարանները հրաւիրելն է եւ բարձր արուեստ տրամադրել երիտասարդներուն։

Թանգարաններու եւրոպական գիշեր 2010 տեղի կ'ունենայ Եւրոպայի խորհուրդի եւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի հովանիին տակ։



Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանային համագումարը Երեւանի մէջ ։

Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին մէջ 4-6 մայիս տեղի կ’ ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի եւրոպական շրջանի 23-րդ համագումարը։ Անոր կը մասնակցին աւելի քան 80 ներկայացուցիչներ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ։



- Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան դպրոցին մէջ բացուեցաւ համակարգչային վերապատրաստման կեդրոն՝ կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի իրաւապահ մարմիններու, դատաւորներու, սահմանապահներու, մաքսային ծառայութիւններու եւ այլ պատկան գերատեսչութիւններու աշխատակիցներու մասնագիտական հմտութիւններու կատարելագործման համար։ ՀՀ գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի տեղեկացմամբ՝ կեդրոնին մէջ ստեղծուեցաւ համակարգչային ցանց, որը հնարաւորութիւն պիտի տայ վերապատրաստուող դատախազներուն մասնակցելու դասընթացներուն՝ առանց գործէն կտրուելու։



- Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրը՝ Մայիս 3-ին, Նկարիչներու միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Մամուլի ազատութիւն, Տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունք խորագրով ֆոթոցուցահանդէսի բացման արարողութեան։ Բացման խօսքով հանդէս կու գան ԱՄՆ դեսպան Մարի Եովանովիչը, ՄԱԿ-ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Դաֆինա Գերչեւան, ԵԱՀԿ դեսպան Սերկէյ Կապինոսը եւ Ինֆորմացիայի ազատութեան կեդրոնի նախագահ Շուշան Դոյդոյեանը։ Յիշեցնենք, որ ցուցահանդէսին մասնակցելու համար յայտարարուած էր մրցոյթ։



Արհեստավարժ դաշնակահարուհի Քրիսթին Թոքաթլեան՝ Արամ Խաչատուրեանի

ստեղծագործութիւնները կը մեկնաբանէ Թեսաղոնիկէի պետական նուագախումբով

Յունահայ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Քրիսթին Թոքաթլեան ելոյթ կ'ունենայ այս Ուրբաթ 7 Մայիս 2010ին, ժամը 2100ին, Թեսաղոնիկէի համերգասրահէն ներս, մեկնաբանելով մեծահամբաւ յօրինիղ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւնները։

Թեսաղոնիկէի պետական նուագախումբը կը ղեկավարէ Նիքոս Աթինէոս։

Երիտասարդ դաշնակահարուհի Քրիսթին Թոքաթլեան արտակարգ գնահատանքներ ստացած է արուեստագիտական իր կատարողութիւններուն համար։ Յունաստանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Իտալիոյ եւ Հայաստանի մէջ իր ունեցած համերգներով հանդէս եկած է դասական, վիպապաշտ եւ արդի յօրինողներու գործերով։



3 Մայիս 1915. Թրքական բանակի վերջին զինուորը կը հեռանայ Վանէն՝ պարտուած ու բարոյալքուած

Վանի հերոսամարտը սկսաւ 1915ի Ապրիլ 7ին, երբ Վանի նորանշանակ կուսակալ եւ Թալէաթի ձեռնասուն Ջեւտէթ պէյը թրքական 12 հազարանոց բանակին հրահանգեց ընդհանուր յարձակողականի անցնիլ հայութեան դէմ։

Հերոսամարտը սկսաւ իբրեւ ինքնապաշտպանութեան կռիւ, բայց որքան ահագնացաւ թրքական իշխանութեանց յարձակողականը, այնքան շեշտուեցաւ Վանի հայութեան կեանքն ու ինչքը պաշտպանող հայ մարտիկներուն հերոսական մարտունակութիւնը։

Այս օրերուն, հայրենի հողի վրայ, մեր ժողովուրդը յատուկ հանդիսաւորութեամբ տօնեց 95ամեակը Վանի հերոսամարտին։ Հայրենաբնակ հայութեան մէջ մեծ է թիւ վանեցիներուն, որոնք 1916ին եւ 1918ին անցան արեւելահայաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.