2010-05-03 07:50:51

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին – Թորինոյի հռչակաւոր մասունքը` Քրիստոսի պատանքի պատմութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հովուական այցելութիւնը Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին – Թորինոյի հռչակաւոր մասունքը` Քրիստոսի պատանքի պատմութիւնը

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Թորինօ քաղաքը հասաւ կիրակի մայիս 2 առաւօտեան ժամը 9.15 անց։ Ան կու գայ ,երկու տարի առաջ, Թորինոյի ուխտաւորներուն կատարած խոստումը կատարելու։ Սրբազան Հայրը Պօղոս Զ Սրահաին մէջ յայտնած էր անոնց Քրիստոսի պատանքին ցուցադրութիւնը 2010ին ըսելով ''Եթէ Տէրը ինծի կեանք եւ առողջութիւն տայ Թորինօ կու գամ մեծարելու Տիրոջ պատանքը''։

Օդակայան հասնելուն պէս Սրբազան հայրը ուղղուեցաւ Սան Գարլօ կոչուած հրապարակը բարի գալուստի արարողութեան համար, Ուր եկած էին մարզի քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւնները գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Գիամբարինոյի եւ արքեպիսկոպոս կարտինալ Բոլեթթէի։ Ապա Նորին Սրբութիւնը բացօթեայ պատարագը գլխաւորեց աւելի քան 25 հազարա հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Կարտինալ Բոլեթթի Սրբազան Հօր այցելութիւնը Թորինօ թեմին կոչեց ''Շնորհի դէպք մը''։

Կէսօրին Նորին Սրբութիւնը Ողջ լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց։ Նախապէս Սրբազան Հայրը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց. մինչ կ'աւարտենք Աստուածային ծիսակատարութիւնը, մեր ակնարկը ուղղենք ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որ այս քաղաքին մէջ մեծարուած է որպէս միակ պաշտպան Սրբուհին ''Մխիթարիչ Աստուածամայր'' անունով։ Սրբազան հայրը Ս. Կոյս Մարիամին հովուանաւորութիւնը խնդրեց այս քաղաքի բոլոր բնակչութեան վրայ։ Հսկէ ով Մայր ընտանիքներու ու բանւորներու վրայ։ Հսկէ բոլոր անոնց վրայ որոնք իրենց հաւատքն ու յոյսը կորսնցուցին, սփոփէ հիւանդները, բանտարկեալները ու տառապեալները։ Ով Օգնական քրիստոնեաներու` մօտ եղիր նոր սերունդին, տարեցներու ու դժուարութեան մէջ գտնւողներուն, որպէսզի անոնք ըլլան ''աղն ու լոյսը'' իրենց ընկերութեան մէջ։

Ապա Սրբազան Քահանայապետը յառեց. Ս. Կոյս Մարիամը, ան է որ ամէնէն աւելի տեսաւ Աստուծուած Յիսուսի մարդկային դէմքով։ Զայն տեսաւ հազիւ ծնաւ, պատեց զինք մսուրին մէջ, զայն տեսաւ երբ մեռաւ։ Խաչին վրայ իջեցուցին ու սաւանով պատեցին զինք ու գերեզման դրին։ Անոր սրտին մէջ դրոշմուեցաւ նահատակ Որդւոյդ պատկերը, սակայն այս նկարը այլակերպեցաւ Յարութեան լոյսով։ Այսպէս Ս. Կոյս Մարիամի սրտին մէջ դրոշմուած է ու պահպանուած Քրիստոսի դէմքին խորհուրդը` խորհուրդը մահուան ու փառքի։ Ս. Կոյսէն կրնաք սորվիլ Յիսուսը դիտել հաւատքով ու սիրով եւ այդ մարդկային դիմագիծին մէջ տեսնել Աստուծոյ դէմքը։ Աղօթքս է. ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը. իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, որ իմ այս այցելութիւնը սատարէ հոգեւոր խոր վերանորոգումի։

Իսկ յետմիջօրէին Սրբազան Հայրը դարձեալ Սան Գարլօ հրապարակը վերադարձաւ հանդիպում ունենալու քաղաքի երիտասարդներու հետ, ինչպէս նաեւ մեծարելու Յիսուսի պատանքը, որ ցոլացումն է Աւետարաններու մէջ նկարագրուած Յիսուսի չարչարանքին։ Հուսկ Սրբազան Հայրը կ'այցելէ Աստուածային Նախախնամութեան տունը ուր անկար հիւանդները կը խնամուին Գոթոլենկօ կոչուած կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներու կողմէ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը դարձփալ օդակայան կը վերադառնայ Հռոմ մեկնելու համար։



Թորինոյի պսպղուն պատանքի պատմութիւնը։

Դժուար է ժխտել անոր յարատեւութեան հրաշքը։ Ներկայիս Թորինոյի մայր եկեղեցիին մէջ կը ցուցադրուի աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր մասունքը։ Ուխտաւորներ եւ նոյնիսկ սկեպտիկներ կը վկայեն Թորինոյի պատանքին ենթադրեալ ուժը Թորինոյի մայր եկեղեցիին մէջ։

Թորինոյի մայր եկեղեցիին գաւիթէն անցնող այցելուները կը դիտեն օդի փոփոխութիւնները հաւասարակշռող ցուցափեղկի մը ետին պաշտպանուած կտաւ մը, որ կ'ենթադրուի, թէ Յիսուսի պատանքն է։

Աւանդաբար պատանքին հրապարակային ցուցադրութիւնը տեղի կ'ունենայ 25 տարին անգամ մը։ Սակայն վերջին ցուցադրութենէն միայն 10 տարի ետք Վատիկան ընդառաջած է Թորինոյի կողմէ ներկայացուած 6 շաբթուան ցուցադրութեան առաջարկին։

Աւելի քան մէկ միլիոն տոմսեր վաճառուած են։ Կը նախատեսուի, որ 10 ապրիլէն 23 մայիս, 6 շաբթուան ընթացքին, 2 միլիոնէն 4 միլիոն հոգի այցելէ Թորինօ։

Ոմանք կը հաւատան, թէ պատանքը պահպանուած էր եւ պաշտուած՝ նոյնիսկ 6-րդ դարուն, երբ Յիսուսի դիմանկարները սկսած են յայտնուիլ Միջին Արեւելքի տարածքին։ Բազմաթիւ մասնագէտներու համաձայն, Թորինոյի պատանքին վրայ պատկերուած դիմանկարը շատ կը նմանի այդ դարու Յիսուսի պատկերումներուն։ Սակայն ընդունուած հաստատումներու համաձայն, Թորինոյի պատանքին վերաբերող առաջին վաւերական արձանագրութիւնը կու գայ 14-րդ դարու կէսերէն, երբ ֆրանսացի խաչակիր Ճէոֆրոյ տը Շառնի յայտարարած էր, թէ զայն իրեն հետ բերած էր Միջին Արեւելքէն, ապա ցուցադրած էր Լիրէյի եկեղեցիին մէջ՝ Փարիզէն 100 մղոն դէպի հարաւ-արեւելք։

Պատանքը 1453-ին սեփականութիւնը դարձած է Սաւոյ տոհմէն Լուտովիքօ Ա դուքսին, որ զայն փոխադրած է Շամպերի։ 1506-ին Յուլիոս Բ պապը վաւերացուցած է անոր պաշտամունքը՝ իբրեւ եկեղեցական մասունք։ Քանի մը տասնամեակ ետք, 1532-ին պատանքը մասամբ այրած է եկեղեցիին մատրան մէջ ծագած հրդեհի մը պատճառով։ Արծաթէ այն տուփը, որուն մէջ պահուած էր անիկա, գրեթէ հալած էր՝ թիթեռնիկի ձեւով համաչափ իւրայատուկ ծակեր բանալով ծալուած կտաւին մէջ։ Պատանքին պատասխանատու մայրապետներ, հակառակ իրենց լաւագոյնը ընելու փափաքին, աւելի վնաս հասցուցած են պատանքին՝ կտորներ կարկտնելով այրած մասերուն տեղ։

Սաւոյները պատանքը Թորինօ տարած են 1578-ին, որպէսզի Միլանոյի արքեպիսկոպոսը չստիպուէր ոտքով կտրել Ալպեան լեռները՝ զայն տեսնելու համար համաճարակի մը աւարտին հետիոտն կատարած իր ուխտագնացութեան առիթով։ Սաւոյները 1694-ին զայն զետեղած են իրենց սեփական մատրան մէջ՝ պալատին եւ մայր եկեղեցիին միջեւ։

Այսպէս, պատանքը ձեւով մը վերածուած է Սաւոյներու տոհմին երկնային մէկ խորհրդանիշին կամ գերագոյն սնափառութիւն խտացնող մասունքի մը։ Երբ թագաւորական ընտանիքը կը փափաքէր ցոյց տալ կամ վերյիշել իր ջերմեռանդ հաւատքն ու կարեւորութիւնը, պարզապէս պահ մը մուտք կը գործէր իր սեփական մատրան մէջ գտնուող պատանքի ցուցասրահը՝ հանդիսաւոր կերպով իր նայուածքը ուղղելով Տիրոջ։ Իսկ երբ Սաւոյները կը փափաքէին ժողովուրդին յիշեցնել, թէ ո՛վ են իրենք, պատանքը կը ցուցադրէին բացօթեայ, եթէ կլիման թոյլատրէր, եւ զայն կը կախէին յատկապէս անոր ցուցադրութեան համար շինուած փայտէ յենարաններու վրայ։ Վատիկան 1983-էն ի վեր սեփականատէրն է Ումպերթօ Բ թագաւորին կտակով։

Պատանքը անգամ մը եւս զարմանք պատճառեց 1898-ին, երբ իրաւաբան Սեքոնտօ Փիա արտօնութիւն ստացաւ զայն լուսանկարելու, եւ անոր նախնական հսկայական լուսանկարչական գործիքին լոյսի եւ շուքի հակառակ պատկերը ցոյց տուող նկարէն (նեկաթիւ) ի յայտ եկաւ, թէ իրականութեան մէջ այս նեկաթիւը շիտակ պատկերն էր (փոզիթիւ) մարդկային այն կերպարին, որ դրոշմուած էր պատանքին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.