2010-05-03 14:50:09

Մարեմեան Խոկումներ։


Մարեմեան Խոկումներ։

Անգլիոյ հիւսիսային նահանգին՝ Սկովտիոյ մէջ, Եպիսկոպոս մը մինչ կ՝այցելէր իր թեմը, կորսնցուց իր ճամբան անտառին մէջ,եւ երբ գիշերը վրայ հասաւ, ստիպուեցաւ խրճիթի մը դուռը բախել: Հոն գտաւ տիկին մը իր զաւակներով: Կինը ընդունեցաւ հիրը անոր հրամցնելով աման մը ապուը։ Եպիսկոպոսըիր խօսքը ուղղելով կնոջ ըսաւ
- Դուն ազնիւ եւ բարեսիրտ կ’երեւիս, բայց տխրութիւն մը կայ քու դէմքիդ վրայ:
- Այո՛, պատասխանեց կինը, մենք տխուր ենք: Հոս, քովի սենեակը ծերունի հայրս կայ, որ մահամերձ է, եւ սակայն չ’ուզեր մեռնիլ:
- Կրնա՞մ զինք տեսնել, հարցուց Եպիսկոպոսը ։
- Ամենայն սիրով, պատասխանեց կինը:
Արդարեւ քովի սենեակը, մահիճին մէջ, վախճանին հասած ծերունի մը կար , որ չէր ուզէր մեռնիլ:
- Ո՛չ, ես պիտի չմեռնիմ(կ՝ըսէր ծերունին)
- Բայց, բարեկամ, ամէնքս պիտի մեռնիք, մանաւանդ երբ տարիքնիս առնենք եւ հիւանդանանք…(պատասխանեց Եպիսկոպոսը)։
- Ես կ’ըսեմ ձեզի, որ ես պիտի չմեռնիմ, անկարելի է(կը կրկնէր ծերունին):
- Բայց, ըսաւ Եպիսկոպոսը, ի՞նչ բանի վրայ վստահած այսպէս կը խօսիս, երբ ահա ուժերդ սպառած են:
Այս հարցումէն ազդուած մահամերձը հարցուց անծանօթ իր խօսակիցին։ Պարոն, դուք կաթողիկէ՞ էք:
- Այո՛, պատասխանեց Եպիսկոպոսը:
- Այն ատեն պիտի ըսեմ ձեզի թէ ինչու պիտի չմեռնիմ ես:
- Ես ալ կաթողիկէ եմ, պարոն,եւ իմ Առաջին Հաղորդութենէս մինչեւ այսօր, ես անթերի կերպով, ամէն օր խնդրած եմ Ս. Կոյս Մարիամէն, որ մահուանս անկողինիս քով ունենամ քահանայ մը. եւ դուք կը կարծե՞ք որ Մարիամ չէ լսած աղօթքս: Անկարելի է, ուստի ես պիտի չմեռնիմ:
- Պարոն , գոչեց այն ատեն Եպիսկոպոսը(խորապէս յուզուած) պարոն աղօթքդ լսելի եղած է: Քեզի հետ խօսողը այսինքն ես քու Եպիսկոպոսդ եմ : Ս. Կոյսը քեզի բերաւ զայն անտառներու մէջէն, որպէսզի վերջին շունչդիդ քովդ ըլլամ։ Ու կուրծքը բանալով, լանջախաչը ցոյց տուաւ ծերունիին ։
Այս տեսնելուն,ծերունին ուրախութենէն ինքնիրմէն դուրս ելած գոչեց.
- Ո՜վ Մարիամ, ո՜վ բարեգութ մայրս, շնորհակալ եմ:
Յետոյ Եպիսկոպոսին դառնալով յարեց….
- Խոստովանցուր զիս, հիմա կը հաւատամ որ պիտի մեռնիմ:







All the contents on this site are copyrighted ©.