2010-05-03 14:25:06

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊ ՈՒՄԸ՝ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Չինաստան կատարած իր այցելութեան շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցած է Չինաստանի նախագահ Հու Ճինթաուի հետ։ Սարգսեան այս առթիւ ըսած է որ ՝՝Չինաստանի հետ յարաբերութեանց զարգացումը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է եւ նշած, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները արդէն իսկ ընդլայնման լաւ ուժականութիւն ունին՝՝։ Հայաստանի նախագահը նաեւ ընդգծած որ բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, հասարակական- քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ կրթական մարզերուն մէջ աշխուժ համագործակցութիւնը, բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխադարձ աջակցութիւնը կը նպաստեն՝ Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ փոխադարձ ըմբռնումին եւ վստահութեան։ Նախագահները հանդիպումի ընթացքին քննարկած են նաեւ Հայաստան - Իրան երկաթուղիի կառուցման աշխատանքին մէջ Չինաստանի մասնակցութեան վերաբերող հարցեր։ Երկու նախագահները ընդգծած են որ Չինաստանի Շանսի նահանգին մէջ հայ-չինական ՝՝Շանսի- Նայիրիտ՝՝ միացեալ ձեռնարկութեան գործարկումը երկկողմանի կապերու զարգացման կարեւոր վկայութիւն է։
ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ 1 ՄԱՅԻՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ։ /a>
Անցեալ շաբաթավերջին, Մայիս 1-ի կապակցութեամբ իր ուղերձին մէջ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը գնահատած է տնտեսութեան ուղղութեամբ իր կառավարութեան կատարած աշխատանքը և խոստումնալի տնտեսական հեռանկար կանխատեսած՝ Հայաստանի ժողովուրդին համար: «Այս տարուայ առաջին ամիսներու տնտեսական ցուցանիշները աւելի բարձր եղան , քան մեր ակնկալութիւնները (ըսած է Սարգսեանը) իր մամլոյ գրասենեակի հրապարակած ուղերձին մէջ։՝՝ Այդ կը նշանակէ որ տնտեսական աճը իր հետ կը բերէ նոր աշխատատեղիներ և կենսամակարդակի բարձրացում՝՝։
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ՎԵՐԱԳՈՐԾԱՐԿՄԱՆ ՀԱՐՑԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի մօտ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են՝ Ստեփանակերտի օդակայանի վերագործարկման աշխատանքներու հոլովոյթին վերաբերող հարցեր։ Ներկայ գտնուած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան պատուիրակութիւնը՝ կառոյցի ղեկավար Արտեոմ Մովսիսեանի գլխաւորութեամբ։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ զեկուցումներով հանդէս եկած են Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարար Անահիտ Վարդանեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետի խորհրդական Տիմիթրի Ատբաշեան։ Երկրին ղեկավարը գոհունակութիւն յայտնած է իրականացուող աշխատանքներու թափին կապակցութեամբ եւ ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել զայն պահպանելու համար։ Խորհրդակցութեան մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետը, ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թեւոսեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
ՌՈՊԵՐԹ ԷՄՄԻԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ։
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահի ընտրութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ 2006-ին նախագահ ընտրուած Սարգիս Խաչատրեան առողջական պատճառով ներկայացուց իր հրաժարականը։ Ֆետերասիոնին բոլոր անդամները միաձայնութեամբ նոր նախագահ ընտրեցին Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն ընթացքին ՝՝երեք քայլ ոստումի՝՝ ախոյեան հանդիսացած 45 տարեկան Ռոպերթ Էմմիեանը։ Նշենք, որ 1987-ին Էմմիեանի հաստատած եւրոպական մրցանիշը (8,86 մեթր) ցարդ ոեւէ մարզիկ չէ բարելաւած։ Էմմիեան նախագահ ընտրուելէն անմիջապէս ետք պատուոյ նախագահ նշանակեց Սարգիս Խաչատրեանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.