2010-04-30 14:27:01

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


Այսօր պիտի խօսինք հայազգի երաժշտահան Անդրէ յ Բաբաևի մասին

Անդրէ յ Բաբաև հայազգի երաժշտահանը, ծնած է Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանի Մսմնա գիւղին մէջ, 27 Դեկտեմբեր 1923-ին ան եղած է Խորհրդային շրջանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ 1958-ին։ Երաժշտական կրթութիւնը ստացած է Պաքուի մէջ ։1941-45 մասնակցած է հայրենական մեծ պատերազմին ։ 1950-ին աւարտած է Պաքուի երաժշտանոցի ստեղծագործական բաժինը, ապա մեկնած՝ Մոսկուա ուր կատարելագործած մասնագիտութիւնը ՜՜Մոսկուայի երաժշտական հիմնարկին՝՝ մէջ։ Վերադառնալով Պաքու, ամբողջովին նուիրուած է ստեղծագործական աշխատանքի, գրած է շարք մը երկեր (համանուագային կտորներ, խնճոյքի երգեր եւ /a> )։ Գրած է երիտասարդութիւն սէնֆոնիք նախերգանքը , դաշնամուրային եռանուագը, իսկ Ամիրովի հետ միասին ՜՜Լա մինոր՝՝ համանուագը։

Ան յօրինած է թատրոնի եւ կինոյի համար երաժշտութիւն, նաեւ ժողովրդական երգերու մշակումներ։

Անդրէ յ Բաբաևի «Արծուաբերդ» օփերան մեծ յաջողութեամբ բեմադրուած է Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփէրայի եւ Պալէի թատրոնի մէջ. անիկա ժամանակակից թեմայով գրուած հայկական լաւագոյն օփերաներէն մէկն է, որու երաժշտական լեզուի ժողովրդականութիւնը, հերոսներու բնաւորութիւններու ճշմարտացի մարմնաւորումը, մելոտիք հարստութիւնը եւ օփերային թատերգութեան կանոններու մեկնաբանութիւնը արժանացուցին մեծ յաջողութեան, որը Երեւանէն ետք զանազան քաղաքներու մէջ ներկայացուած է ինչպէս Սվերդլովսկիի, Դոնենցկիի ու Կազանի մէջ, նաեւ Մոսկուայի մէջ կեդրոնական հեռուստատեսութեամբ։ Բաբաևի վերջին ծաւալուն ստեղծագործութիւնը «Պաղդասար աղբար» օփերան է որ անաւարտ մնացած է։ Անդրէ յ Բաբաև մահացած է Մոսկուայի մէջ 21 Հոկտեմբեր 1964-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.