2010-04-29 13:45:48

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 29 Ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Տիար Ժան Բիեռ Մուբլնտա՝ Գոնկոյի հանրապետութեան նոր դեսպանը, որ իր հաւատարմագիրերը ներկայացուց նորին սրբութեան։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Կամբիա, Լիպերիա եւ Սիեռա/Լեոնէ- ի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու եպիսկոպոսները` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Իսկ յետմիջօրէին` ի պատիւ Սրբազան Հօր՝ քահանայապետութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ, համերգ մը տեղի կ՝ունենայ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահի կողմէ շնորհուած։ Նորին Սրբութիւնը սոյն համերգէն առաջ հանդիպում կ՝ունենայ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ տիար Ճօրճիօ Նաբոլեդանոյին հետ։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Առաքելական փոխանորդութեան հաստատում Փաքիստանի Քուեդա մարզին մէջ եւ առաքելական նոր նուիրակի անուանում։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Փաքիստանի Քուեթա առաքելական վարչութիւնը բարձրացուց առաքելական փոխանորդութեան, առաքելական նոր նուիրակ նշանակելով հայր Վիքթոր Կնաբրակասամը որպէս առաջնորդը Քուեթայի։ Եկեղեցական այս նոր գաւառը ունի 29.355 հաւատացեալ բաժնուած 7 ժողովրդապետութիւններու մէջ։ Անոնց հոգ հոգւոցով կը զբաղին 13 կուսակրօն քահանաներ, 12 կրօնաւորներ, որոնց հետ կը համագործակցին 26 կրօնուսոյցներ եւ հինգ միաբանութիւններու պատկանող 19 կրօնաւորուհիներ։ Առաքելական փոխանորդութիւնը ունի դաստիարակչական 14 կեդրոններ եւ 19 բարեսիրական կեդրոններ։ Ներկայիս քահանայութեան կը պատրաստուին 7 թեկնածուներ։



Ընկերային գիտութեանց քահանայապետական կաճառի լիանիստ գումարը։

Ապրիլ 30էն մայիս 4 Վատիկանի մէջ տեղի կ՝ունենայ ընկերային գիտութեանց քահանայապետական կաճառի լիանիստ գումարը։ 50 հոգիէ բաղկացած ժողովականները մասնաւորապէս պիտի խորհրդակցին համաշխարհային տնտեսութեան տագնապի երեւոյթներուն եւ դրդապատճառներու մասին։

Այս 16րդ նիստին իրենց միջամտութիւնը պիտի բերեն տնտեսութեան ու ֆինանասի համաշխարհային մեծ մասնագէտներ։ Ապրիլ 30ին անոնք պիտի ընդունուին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն։



Քահանայապետական նշանակում։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց յիսուսեան հայր Տիւմորթիէն,

որպէս ռեկդորը աշխարհահռչակ Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանին։ Յայտնենք թէ Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքի ժառանագաւորները տասնեակ տարիներէ ի վեր կը յաճախեն վերոյիշեալ համալսարանը, ի պատրաստութիւն իրենց հովուական առաքելութեան հայ ժողովուրդին մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.