2010-04-29 13:50:50

Լուրեր Հայ եկեղեցիէն


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատարագեց Թորինոյի մէջ։

Իտալիա- Երկուշաբթի, 26 Ապրիլ 2010-ին, առաւօտեան ժամը 7ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Պատարագ մատոյց Թորինոյի մէջ ՜՜Յիսուսի վարշամակին՝՝ առջեւ, հարիւրաւոր հաւատացեալներու եւ տասնեակ քահանաներու մասնակցութեամբ, որոնք ժամանած էին աշխարհի չորս կողմերէն:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Կիրակի 25 Ապրիլի յետմիջօրէին, (միշտ) Թորինօ քաղաքի՝ կարմեղեան քոյրերու՝ սրբուհի ՜՜Թերեզայի՝՝ անուան եկեղեցւոյ մէջ Հայրապետական Պատարագ մատոյց, առընթերակայութեամբ՝ գերապատիւ Հ. Թովմաս վրդ. Կարապետեանի տեսուչը Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքին, եւ գաւազանակիր՝ Հ. Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեանի. սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ դպրեվանքի ժառանգաւորները։ Պատարագէն առաջ գերապատիւ Հ. Վարդան Վրդ. Գազանճեան, ողջունեց ներկաները եւ կարգ մը լուսաբանութիւններ տուաւ հայ ծէսին մասին։



Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը ։

Չորեքշաբթի, 28 ապրիլ 2010-ին, Արամ Ա կաթողիկոս մայրավանքի վեհարանին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ Կրկես Սալեհը։

Ամմանի մէջ Գործադիր վարչութեան գումարած ժողովէն վերադարձին, դոկտ Սալեհ վեհափառը տեղեակ պահեց ժողովական օրակարգերուն գծով տրուած որոշումներուն մասին։ Իրազեկ դառնալէ ետք Գործադիր վարչութեան եզրայանգումներուն՝ վեհափառը իր թելադրութիւնները կատարեց յառաջիկայ քայլերուն մասին, իբրեւ խորհուրդի չորս նախագահներէն մէկը։










All the contents on this site are copyrighted ©.