2010-04-28 14:09:04

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 28 Ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներու։

Շարունակելով իր խորհրդածութիւնը սուրբ հայրապետներու մասին, Սրբազան Քահանայապետը, այսօր խօսեցաւ Թորինօ քաղաքի երկու մեծ սուրբերու՝ Լէոնար Միւրիալտօ եւ Յովսէփ Պենետիկտոս Գոթթոլենկոյի մասին։



Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

1828ին Թորինօ քաղաքին մէջ ծնած Լէոնար Միւրիալտօ քահանայ ձեռնադրուեցաւ շնորհիւ Աստուծոյ ողորմութեան։ Քահանայութիւնը, կ'ըսէր ան, շնորհք մըն է ձրիաբար տրուած’ Աստուծմէ եւ կը խրատէր իր եղբայրակից քահանաները նշելով թէ անհրաժեշտ է ապրիլ կեանք մը համերաշխ ստացուած շնորհքին ։ Ան հիմնադիրը եղաւ ՜՜Ս. Յովսէփ՝՝ կրթական կեդրոնին ի խնդիր ընչազուրք անչափահասներու դաստիարակութեան։ Հայր Միւրիալտոյի կեանքի լոզունքը եղաւ ''Աստուծոյ սէրը եւ Աստուածսիրութիւնը''։

Սուրբ Յովսէփ Պենետիկտոս Գոթթոլենկօ այդ ոգիէն սնոյց եւ կազմուեցաւ։ Ան ծնած էր Իտալիոյ Գունէօ Պրա շրջանին մէջ 1786ին։ եղաւ հիմնադիրը Աստուածային նախախնամութեան ՜՜փոքր տան՝՝ կամ այսպէս կոչուած ՜՜Գոթթոլենկօ դարմանատան՝՝։ Հայր Գոթթոլենկօ շատ փնտռուած էր մեղաւորներէն եւ մեծ քարոզիչը եղաւ ուսանողներուն։

Ան շատ վրդովեցաւ ի լուր երիտասարդ կնոջ մը մահուան։ Իր բոլոր կեանքը նուիրեց ի սպաս կարօտեալներուն եւ ընչազուրկերուն եւ հիմնեց համալիր մը ուր ՜՜առողջները եւ հիւանդները միատեղ կ'ապրին, բաժնելով կեանքի ցաւերը եւ ուրախութիւնները՝՝։ Անոր բնաբանը եղած է. ''Յառաջ Տիրոջ մէջ'' եւ ինքզինք կը կոչէր Աստուածային նախախնամութեան մէկ գործիչը։ Իր ամբողջ կեանքը եղաւ ՜՜համակ սէր կարօտեալներու ու հիւանդներու՝՝։

Սրբազան Քահանայպետը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով Թորինօ քաղաքի այս երկու սուրբերու օրինակը թող ըլլայ խթան մը աշխարհի բոլոր քահանաներուն, իրենք զիրենք նուիրելու Աստուծոյ ու եղբայրներուն։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը, զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները Տիրոջմէն հայցելով որ առաջնորդէ զանոնք իրենց բոլոր կեանքին ընթացքին։ Թող Աստուած ամէնքդ օրհնէ, ըսաւ Սրբազան հայրը. հուսկ քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, ՜՜Թող Յարուցեալ Քրիստոսը իր սիրով լիացնէ ձեր սրտերը, որպէսզի խանդավառութեամբ քալէք Յիսուսի ետեւէն։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու՝՝։

Յայտնենք թէ յառաջիկայ մայիս 2-ին Նորին Սրբութիւնը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Թորինօ Քաղաքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.