2010-04-28 13:17:08

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։
Յովհաննէս Շիրազ (1915-1984)։


Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։
Յովհաննէս Շիրազ (1915-1984)։

95 տարի առաջ, Մեծ Եղեռնի արհաւիրքին մէջ, Ապրիլ 27ին, նորածինի ճիչ մը կեանքով կը լեցնէր Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրիի այդ ատենուան անուանումը), Ախուրեանի ափին գտնուող գիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տունը ուր
լոյս աշխարհ եկաւ Օննիկ Կարապետեան անուն մականունով անոնց զաւակը, որ հազիւ երեք տարեկան եղած՝ պիտի որբանար հօրմէն՝Արեւելահայաստանի վրայ կատարուած 1918ի թրքական արշաւանքին ժամանակ։ Թրքական խժդժութեանց հետեւած իրարանցումին մէջ, Օննիկ կորսնցուց մայրը, անպատսպար փողոցները թափառեցաւ՝ հացի եւ օթեւանի կարօտ, մինչեւ որ անտէր լքուած հարիւրաւոր շատ որբերու հետ զինք եւս յանձնեցին Ալեքսանդրապոլի որբանոցին խնամատարութեան։ Դառն ու դաժան մանկութիւն մը անցուց, յաճախակի փախուստ տուաւ որբանոցի ճնշիչ մթնոլորտէն, ինչպէս որ հետագային պիտի գրէր իր ինքնակենսագրութեան մէջ։


Աւելի ուշ, երբ արդէն թեւակոխած էր պատանեկութեան տարիքը, Օննիկ լրիւ հեռացաւ որբանոցէն եւ բառին բուն իմաստով փողոցի կեանք ապրեցաւ, մինչեւ որ այդ ձախորդ օրերուն մէջ յանկարծ փայլեցաւ ճակատագրական մի սուրբ վայրկեան։ Փողոցը պատահականօրէն հանդիպեցաւ հացը ձեռքին անցորդ խեղճ կին մը։ Սոված Օննիկը փորձեց փախցնել կնոջ հացը, բայց կինը բռնեց զինք եւ... սեղմեց կրծքին։ Մայրն էր Աստղիկը, որ վերջապէս գտած էր իր կորուսեալ որդին։ Եւ ճակատագրական այդ օրէն, մօր խօսքը սրբութիւն եւ օրէնք եղաւ Օննիկի համար, իսկ մօր գլխաւոր խորհուրդն էր Արհեստ սովորիր... արհեստն է մարդուն ոսկէ բիլազուկ։

Որբութեան եւ չքաւորութեան այդ տարիները ադամանդի պէս կոփեցին տաղանդը ստեղծագործական երկնատուր շնորհներով օժտուած Օննիկի, որ հայ ժողովուրդի անմահ մեծերու երկնակամարին վրայ անմար աստղի իր տեղը գրաւեց իբրեւ Սիրոյ, Վշտի եւ Հայոց Սրբազան Դատի զգայուն եւ խոհուն երգիչը՝ Յովհաննէս Շիրազ գրչանունով։ Շիրազ պատանի տարիքէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ, բախտը փորձեց կօշիկի եւ հիսուածեղէնի արհեստներուն մէջ, բայց շուտով անդրադարձաւ, որ բանաստեղծութիւնն է իր կեանքի բուն եւ միակ ասպարէզը։ Սկսաւ ստեղծագործել 15 տարեկանէն եւ իր առաջին քերթուածները լոյս տեսան Լենինականի (Գիւմրիի խորհրդային անուանումը) հիւսուածեղէնի գործարանին գրական հրատարակութեան էջերուն։ 1935ին առանձին հատորով լոյս տեսաւ իր երեխայրիքը՝ ՝՝Գարնանամուտը՝՝ որ անմիջապէս յափշտակուեցաւ ընթերցողներուն կողմէ եւ արագօրէն մեծ համբաւ ապահովեց քսանամեայ Շիրազին։ Եւ սկսաւ Շիրազի անկասելի վերելքը դէպի հայ քերթողութեան բարձունքը։

Սիրոյ եւ Վշտի երգերով յատկանշուեցաւ Շիրազի մուտքը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս եւ որքան ժամանակը թաւալեցաւ, այնքան պարզութիւնն ու խոհականութիւնը, գեղարուեստական քնարականութիւնը ու ազգային յուզաշխարհը ադամանդի պէս բիւրեղացան Շիրազի ոճին մէջ, որ իբրեւ ինքնուրոյն դպրոց ԵՐԵՒՈՅԹ դարձաւ քսաներորդ դարու երկրորդ կէսին՝ հայ գրականութեան վերազարթնումին վրայ իր տիրական դրոշմը դնելով։ Պատահական չէ, որ Շիրազը հայ ժողովրդի վշտի դարաւոր մառախուղից ծագած աստղն է վկայեց վարպետը՝ Աւետիք Իսահակեան։

Իսկ Ուիլեըմ Սարոյեան պարզապէս արժանին կը մատուցանէր Հայուն Սիրտը այդպէ՛ս հարազատօրէն, ջերմութեամբ եւ խորութեամբ աշխարհին առջեւ բացող Շիրազին, երբ կը հաստատէր, թէ Շիրազ մեծ տաղանդ մըն է։ Անիկա մեծ, մեծ անուն ունի՝ մենք շատ կը գնահատենք անոր գոյութիւնը... Շիրազ թանկագին հոգի մըն է, ես շատ կը ցանկանամ լուրեր առնել անոր գրութիւններէն, լսել զանոնք։ Ան տաղանդ է, մենք պէտք է հպարտ զգանք՝ մեծ պատիւ համարենք անոր հետ ծանօթ ըլլալը։

Եւ իրապէս Շիրազ իր կենդանութեան եղաւ ապրող առասպել մը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ոչ միայն քաղաքամայր Երեւանի համար, ուր գրեթէ ամէնօրեայ իր գրական հաւաքները կունենար փողոցը՝ Աբովեան, Ամիրեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկներուն, իր երկրպագուներու հետ հանդիպումներով, այլեւ աշխարհասփիւռ հայաշխարհի ափերուն, ուր հայութեան նորահաս սերունդները իր բանաստեղծութիւններով երգեցին Սէրը, Հայոց Վիշտը, Մօր պաշտամունքը եւ, մանաւանդ, Հայկական Հարցը արդար լուծման արժանացնելու պահանջատիրական պայքարը։

Հայաշունչ մթնոլորտի մէջ կազմաւորուած ո՞ր հայը, այսօր, կրնայ մտահան ընել իր պատանեկութեան սորված եւ արտասանած Շիրազի Ամենայն Սրտովը, որ ամբողջ ազգային զարթօնքի մը պատգամը դարձաւ՝

Ամենայն սրտով բողոքում եմ ես մարդու անարդար վճիռի համար։
Անիծում եմ ես մարդուն նենգաւոր, որ նա ընտրել է պղծուած ճանապարհ.
Ատում եմ հոգով օրէնքներ շատ-շատ, որ ծանրացել են մարդկանց ուսերին
Եւ ստիպում են կեղծել, քծնուել, գովել անարժան, տգէտ բարքերին։
Ես բողոքում եմ, իրաւունք ունեմ գանգատ գրելու ամբողջ աշխարհին,
Որ հայոց հողը ետ վերադարձուի եւ տրուի պանդուխտ, տառապող հային,
Ես ցանկանում եմ մէկ անգամ տեսնել քարտէզը հայոց անծայր երկրի,
Դրանից յետոյ եթէ մեռնեմ էլ, իմ հոգին ուրախ եւ յաւերժ կապրի։

Անզուգական Յովհաննէս Շիրազը վախճանեցաւ 1984 թուականի Մարտ 14ին։ Յարգանքի մոմ մը վառենք մեր ժողովուրդի այս անմահ բանաստեղծի յիշատակին։







All the contents on this site are copyrighted ©.