2010-04-28 14:09:19

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիպումը Ադրբեջանի նախագահի հետ:


Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, 26 Ապրիլին, Բաքուի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ Շէյխ Ուլ Իսլամ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն՝ Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեան ։

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին անկաշկանդ եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ խօսուեցաւ Բաքուի մէջ գումարուած ՜՜Կրօնապետերի համաշխարհային գագաթնաժողովի՝՝ մասին եւ կարեւորուեցաւ կրօններու եւ մշակոյթներու երկխօսութիւնը՝` ի խնդիր ժողովուրդներու համար աւելի խաղաղ, ապահով ու բարօր կեանքի կերտման։ Այնուհետեւ անդրադարձ եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեանն առնչուող հարցերուն։ Այս առումով կողմերը ողջունեցին հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը, անոնցմէ կարեւոր նկատելով կրօնապետերու եւ հոգեւոր սպասաւորներու դերը։ Մեծ նշանակութիւն տրուեցաւ երկու ժողովուրդներու փոխայցելութիւններուն եւ շփումներւն, որոնք աւելի պիտի զօրացնեն փոխվստահութեան եւ համագործակցութեան ոգին։

Նոյն օրը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շքախումբի ուղեկցութեամբ այցելեց Բաքուի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին, որը ներկայիս կը գործածուի իբրեւ գրապահոց։ Վեհափառը ծանօթացաւ 1990-ի հրդեհէն վնասուած եկեղեցւոյ վիճակին եւ յոյս յայտնեց, որ Աստուծոյ ողորմութեամբ եկեղեցին վերստին դռները կը բանայ հաւատացեալներու առջեւ՝`՝` շարունակելով իր առաքելութիւնը։ Ապա եկեղեցւոյ մէջ տասնամեակներ անց հնչեց հայոց աղօթքն ու շարականը։ Երեկոյեան, Ադրբեջանի նախագահի կողմէն կրօնապետերուն ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթէն ետք, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Բաքուի մէջ գագաթնաժողովի աշխատանքներուն կը շարունակեն մասնակցիլ Եզնիկ արքեպիսկոպոս Պետրոսեան եւ Տ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.