2010-04-28 13:28:19

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՆՈՐ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԸ ։
Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս նոր Համանախագահ Իկոր Փոփովը։ Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնեց, որ նոր Համանախագահը իր կարեւոր ներդրումը ունենայ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ։ Իկոր Փոփով վստահեցուց, որ առաւելագոյնը պիտի ընէ տագնապի լուծման նպաստելու համար։ Զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումները։ Իկոր Փոփով իր տպաւորութիւնները ներկայացուց Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ ունեցած հանդիպումներէն։
ՈՒՔՐԱՆԻԱ ԵՒ ՌՈՒՍԻԱ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑԻՆ ԽՐԻՄԻ ՄԷՋ ՍԵՒ ԾՈՎԵԱՆ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂԻ ՏԵՂԱԿԱՅՄԱՆ ԵՐԿԱՐԱՁԳՄԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ։
Մինչ ցուցարարներ հաւկիթներ եւ ծուխ արձակող ռումբեր նետեցին(որոնց համայն աշխարհ ականատես եղաւ հեռուստատեսիլներու միջոցաւ) Ուքրանիոյ խորհրդարանը երէկ Խրիմի մէջ Ռուսիոյ սեւծովեան նաւատորմիղի տեղակայումը երկարաձգեց յաւելեալ 25 տարիներով։ Ռուսիոյ խորհրդարանը իր կարգին վաւերացուց համաձայնագիրը։ Անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հանդիպումին երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ գոյացած էր սոյն համաձայնութիւնը։ Ուքրանիոյ խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիրներ խորհրդարանի նախագահ Վլոտիմիր Լիթվինի վրայ հաւկիթներ նետեցին, մինչ ան նիստին բացումը կը կատարէր։ Ամբողջ նիստին ընթացքին մի քանի օգնականեր հովանոցովերով պաշտպանեցին խորհրդարանի նախագահը,ընդդիմադիրներուն նետած հաւկիթներէն։ Նաեւ ծուխ արձակող երկու ռումբեր պայթեցան ։ Համաձայնագիրը 450 անդամ հաշուող խորհրդարանին կողմէ որդեգրուեցաւ 236 թեր քուէներով, սակայն ընդդիմադիր ղեկավար Եուլիա Թիմոշենքօ խոստացաւ, որ այս համաձայնաիրը երկարատեւ պիտի չըլլայ։
ԱՇԽԱՐՀԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ։
Բազմաթիւ ու բազմապիսի միջոցառումներով յատկանշուեցաւ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի 95-ամեակը ողջ հայաշխարհէն ներս ։ Անցնող շաբաթավերջը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ յատկանշուեցաւ բազմաթիւ միջոցառումներով՝ ոգեկոչման երեկոներ, քայլարշաւներ, դասախօսութիւններ, մշակութային ձեռնարկներ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 95-րդ տարելիցին։ Բազմահարիւր երիտասարդներու մասնակցութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան ջահերով երթը՝ Մատենադարանէն դէպի Ծիծեռնակաբերդ։ Մեծ էր նաեւ Միջազային Մամլոյ անդրադարձը։ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Հոլլանտայի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Սթրազպուրկի, Գանատայի, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ,Կիպրոսի, Գերմանիոյ, Վրաստանի, Սուրիոյ, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ այլ երկիրներու մէջ նաեւ տեղի ունեցան 95-րդ տարելիցի վայել ոգեկոչման արարողութիւններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.