2010-04-27 14:05:52

2010 - Հայ Կնոջ Տարին։ Կնոջ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները Այսօր։


 2010 - Հայ Կնոջ Տարին։ Կնոջ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները Այսօր։

Այր եւ կին արարածներուն հաւասարութիւնը վերահաստատելու եւ անոր գործնական ու շօշափելի արտայայտութիւն տալու գծով այսօր հսկայ աշխատանք կը կատարուի։
Դարերու ընթացքին անտեսուած ու ճնշուած, նոյնիսկ որոշ մշակոյթներու մէջ պարզապէս այր մարդուն հաճոյքին ու քմահաճոյքին գերին դարձած կինը կը մերժէ այս անմարդկային ոգին ու վերաբերումը եւ արդարութիւն կը պահանջէ։ Արդարեւ, այր եւ կնոջ հաւասարութիւնը, ինչպէս կարեւորութեամբ ընդգծեցինք, քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։ Աստուած Ադամը եւ Եւան իր պատկերին համաձայն ստեղծած է, եւ անոնց նո՛յն պարտաւորութիւնը տուած։ Ճի՛շդ է, այրը այր է իսկ կինը՝ կին, տարբեր կազմախօսական դրութեամբ, տարբեր իւրայատկութիւններով. սակայն անոնք հաւասար են իրենց իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով։
Առաքեալը կը յիշեցնէ թէ՝ չկայ կին առանց մարդու, ո՛չ ալ մարդ՝ առանց կնոջ։ Որովհետեւ եթէ կինը այր մարդէն սկիզբ առած է, մարդն ալ կնոջմէ կը ծնի, եւ բոլորն ալ Աստուծմով կան







All the contents on this site are copyrighted ©.