2010-04-26 14:46:02

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

24 ԱՊՐԻԼ 1915-Ը ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ։
24 Ապրիլը Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով ոգեկոչուեցաւ երկու հանգրուանով։ Առաջինը Պոլսոյ ՝՝Հայտարփաշա՝՝ շոգեկառքի կայարանին մէջ, Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Միութեան անդամները ժամը 13:30-ին յարգեցին՝ 24 ապրիլին մահուան ուղարկուած հայ մտաւորականներու յիշատակը։ Շուրջ 15 թուրք ազգայնականներ՝ հանգստեան կոչուած զօր.Էտիփ Պաշիրի մասնակցութեամբ, փորձած են խանգարել կազմակերպուած միջոցառումը։ Իսկ յետ միջօրէին Պոլսոյ ժամով ժամը՝19ին Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ երկրորդ ոգեկոչումը ,բազմահարիւր մասնակիցներով,մոմեր եւ ծաղիկներ բռնած իրենց ձեռքերնին։ Հոն եւս խումբ մը անգիտակցիներ փորձած են խանգարել ոգեկոչումը բայց ոստիկանութիւնը անմիջապէս հեռացուցած է զանոնք,թիկունք կանգնելով ներկաներուն որպէսզի շարունակեն ոգեկոչումը։

ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱ-ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա այս տարի եւս չօգտագործեց "Ցեղասպանութիւն" եզրը, այլ բաւարարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հայերէնով "Մեծ Եղեռն" կոչելով, իսկ անգլերէնով՝ "1915-ի անմարդկային արարքներ» եւ "1915-ի սարսափելի դէպքեր"։
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԿԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ՝ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴՐԻՆ ։
Այսօր` ապրիլ 26, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Պաքուի մէջ մասնակցելով Կրօնապետերու Համաշխարհային Գագաթնաժողովին, իր ելոյթի ընթացքին ի մէջ այլոց, անդրադարձաւ նաեւ ԼՂ խնդրին եւ ընդգծեց խնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերը: Ան մասնաւորապէս ըսաւ «Գտնուելով Պաքու մենք այսօր փառք ու գոհութիւն կը մատուցանենք Բարձրեալին, անոր համար որ կը շարունակուին ջանքերը Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ կարգաւորման առաջնորդելու համար: Այս ուղղութեամբ հարկ է կարևորութեամբ ու գնահատանքով նշել ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահ երկրներու կողմէ հետևողական կերպով տարուած աշխատանքները: Մենք գոհունակութեամբ կ՝անդրադառնանք նաև հարցի հանգուցալուծման ի խնդիր՝ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սկիզբէն ի վեր ներդրած միջնորդական ջանքերուն : Մեր երկրներու իշխանութիւնները հանրապետութիւններու նախագահներու բարձր մակարդակով նոյնպէս կը շարունակուի բանակցային գործընթացը: Ուրախ ենք նաև, որ շփումներ կան եւ կ՝իրականացուի երկխօսութիւնը մեր երկու երկիրներու քաղաքացիական և հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներու մակարդակով: Յիշեցնենք, որ Պաքու-ի «Կիւլիստան » պալատի մէջ է որ տեղի ունեցաւ հանդիպումը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքին եւ Կովկասի Մահմետականներու Առաջնորդի միջեւ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆՈ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԴՐԲԵՋԱՆԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ։ /a>
են « Կը կարծեմ որ եռակողմ հանդիպում կազմակերպելը ճիշդ, ժամանակին առնուած նախաձեռնութիւն մըն էր որ տեղի ունեցաւ, եւ հռչակագրի ստորագրութեամբ յաջողութեամբ եզրափակուեցաւ այս հանդիպումը »,- այսպէս լրագրողներուն յայտնած է Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքը փաստաթուղթի ստորագրումէն ետք ինչպէս որ հաղորդած է ադրբեջանական ՝՝Trend.az՝՝լրատու գործակալությունը: Կրօնական ղեկավարները, (ըստ Քիրիլ Պատրիարքին ), քաղաքական իշխանութիւն չունին եւ չեն կարող «զօրքեր շարժել այս կամ այն ուղղութեամբ»: «Բայց անոնք ունին յատուկ հնարավորութիւնը ներկայացնելու այն արժէքները, որոնք մօտէն կը հետաքրքրեն հաւատացեալները : Տարբեր կրօններու ներկայացուցիչները իրարու հանդիպելով համաձայնած են շատ կարեւոր հարցերու շուրջ, որը կարեւոր ազդակ է բոլոր հաւատացլաներուն »,- ըսած է ՔիրիլՊատրիարքը Պատրիարքը նաեւ յույս յայտնած, որ այդ ազդակները կը նպաստեն հաշտութեան, լարուածութեանց նուազումին տարածաշրջանի մէջ, ստեղծելով առաւել խաղաղ մթնոլորտ մը , ինչպէս նաեւ Քաղաքական Ղեկավարներ , իրենց վրայ առնելով հակամարտութեան կարգաւորման քաղաքական լուծումի պատասխանատուութիւնը կարողանան հասնիլ համաձայնութեան արդիւնքի մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.