2010-04-23 14:45:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Ուրբաթ` 23 Ապրիլ 2010, Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար ընդունեց.

Կարտինալ Կրոգլովսքին` կառավարիչը կաթողիկէ դաստիարակութեան,

Գերապայծառ Գլաուտիո Չելին՝ նախագահը ընկերային հաղորդակցութեանց քահանայապետական խորհուրդին,

Օր. Մարիա Ոչէն` նախագահը ՜՜ֆոգոլարինի՝՝ եղբայրակցական շարժումին

Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Լեվատան` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ճառը Մալթայի երիտասարդներու։

Իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը կը խօսի Ս. Պօղոս առաքեալի դարձի պատմութեան մասին, ապա կը խօսի ՜՜անհատի՝՝ հաւատքին մասին, դիտել տալով որ ՜՜շատերը կ'ուզեն Յիսուսի հետեւիլ՝՝։ Ձեզի ամէնուդ կ'ըսեմ. ՜՜ մի վախնաք Աւետարանը քարոզելու ձեր շրջապատին, հակառակ որ պիտի հանդիպիք որոշ անձերու որոնք կը հակառակին Աւետարանի պատգամին։ Դուք վստահութեամբ դիմեցէք Քրիստոսին եւ համապատասխանեցէք Անոր կանչին յաճախ մօտենալով ՜՜Եկեղեցւոյ խորհուրդներուն՝՝։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կ'եզրափակէ խօսելով հաւատքի մշակութային եւ ընկերային ծաւալին մասին եւ կ'եզրափակէ քաջալերելով՝ բոլոր այն երիտասարները ու պարմանուհիները որոնք քահանայական կամ կրօնաւորական կեանքին կոչումը կը զգան ։ Ամէն Քրիստոնեայ կանչուած է տարածելու Աւետարանի պատգամը։ Աստուած կը սիրէ համայն մարդկութիւնը եւ որպէս Քրիստոնեաներ կանչուած ենք դրսեւորելու ՜՜Աստուծոյ սէրը որ կ'ընդգրէ ամէնքս՝՝։ Ասոր համար կանչուած ենք օգնութեան հասնելու աղքատին, տկարին, գաղթականին եւ փախստականին։ Պարտաւոր ենք խնամել անկարը ու պահպանել անոր արժանաւորութիւնն ու անոր կեանքի որակը։ Պէտք է բարեկամաբար մօտենանք ՜՜հաւատացեալին եւ ոչ հաւատացեալին՝՝։ Մի վախնաք ըլլալու մտերիմ բարեկամները Քրիստոսի։








All the contents on this site are copyrighted ©.