2010-04-23 14:52:51

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


Հայ երաժիշտ , տաղերգու, մանկավարժ ու հասարակական–եկեղեցական գործիչ' Առաքել Բաղիշեցի ։

Առաքել Բաղիշեցի ծանօթ է նաեւ՝ Առաքել Պոռեցի անունով, ան ապրած է (/a> - /a> ) տարիներուն, եղած է հայ տաղերգու, երաժիշտ, մատենագիր, մանկավարժ ու հասարակական–եկեղեցական գործիչ։ Ծնած է /a> /a> գիււղը ուրկէ կու գայ Պոռեցի անունը։ Աշակերտած է /a> եղերական մահուան առթիւ գրած է «Եղերգութիւն ի մահ նահատակութեան Ծերենց Գրիգորի վարդապետի Խլաթեցւոյ» (1425ին) և «Պատմութիւն քաղ և տիեզերալոյս վարդապետին մերոյ Գրիգորի Խլաթեցւույ Ծերենցն» (1426ին)։ Առաքել Բաղիշեցիի ստեղծագործութեան մէջ կը դրսևորուի օտար բռնակալութենէն հայերու ազատագրման ու պետականութեան վերականգնման գաղափարը։ Հայ ժողովուրդի քաղաքական տրամադրութիւնները լիարժէք կ՝արտացոլէ առանձնապէս «Ողբ մայրաքաղաքին Ստըմպօլայ» (1453) պատմա–քաղաքական պօէմը՝ գրուած Կ.Պոլիսը թուրքերու կողմէ գրաւուելու առթիւ։ Բաղիշեցին կ՝ողբայ, բիւզանդական մայրաքաղաքի աղիտալի ներկան, բայց խոր հաւատք կ՝արտայայտէ, որ պիտի հասնի նուաճուած ժողովուրդներու, մասնաւորապէս՝ հայերու եւ յոյներու, ազատագրութեան բաղձալի օրը։ Պօէմը միջնադարեան հայկական բանաստեղծութեան լաւագոյն նմուշներէն է։ Թարգմանուած է ռուսերէնի և ֆրանսերէնի։ Առաքել Բաղիշեցին գրած է նաև Պօէմներ՝ նուիրուած հայ եկեղեցւոյ գործիչներուն ու քրիստոնէութեան տարածման Հայաստանի մէջ յիշենք՝ «Պատմութիւն սրբոյն Գրիգորի մեր լուսաւորչին...», «Ներբողեան տաղաչափական ի վերյա վարուց Մեծին Ներսեսի...»։ Բաղիշեցին հայ հոգևոր երաժշտա–բանաստեղծական արուեստի զարգացման դասական շրջանի աւանդոյթներուն կապուած վերջին ստեղծագործողներէն է։ Գրիգոր Խլաթեցիին աշակերտած ըլլալուն պարագան ցոյց կու տայ որ եղած է նաեւ խազագէտ։ Տաղաչափած է Հովասափի և Բարաղամի մասին վարքաբանական միջնադարեան վէպը «Տաղ Յովասափու», 1434ին, որը յատուկ տեղ կը գրաւէ հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ։ Ա.Բաղիշեցին, որպէս եկեղացական, հաւատարիմ մնաց քրիստոնէական վարդապետութեան, որպէս բանաստեղծ՝ կեանքի պահանջքներուն ու ժամանակի ոգիին։ Յօրինած է տաղեր, գանձեր, ողբեր ու այլ երգեր, որոնք ցրուած են գրչագիր ժողովածուներու մէջ եւ տակաւին ուսումնասիրուած չեն երաժշտական առումով։ Առաքել Բաղիշեցին երբեք գրաբարէն չէ հրաժարած, բայց, յատկապէս Պօէմներրու պարագային գործածած լեզուն, մօտեցուցած է ժողովրդական լեզուամտածողութեան ու նպաստած է գրականութեան աշխարհականացման։








All the contents on this site are copyrighted ©.