2010-04-23 14:47:23

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս Պատրիարքը կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն։







 
 

Հինգշաբթի 22 Ապրիլ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարան ժամանեց Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար՝ Պր. Ալիք Սարգսեան եւ անոր շքախումբը, ընկերակցութեամբ՝ Իտալիոյ մօտ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` Պր. Ռուբէն Կարապետեանին: Նախարար Ալիք Սարգսեան եւ անոր շքախումբը նախ այցելեցին Ս. Նիկողայոս Թոլենդինացի եկեղեցին, ապա ուղղուեցան դէպի վարժարանին դահլիճը, ուր՝ հիւրընկալուեցան Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի կողմէ: Սոյն պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, հայրենի նախարարը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շնորհեց ՜՜Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն եւ քաղաքացիական անձնագիր՝՝: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը դառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, Ս. Գիրքին վրայ երդում կատարեց ՜՜պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, պաշտպանել Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը՝՝: Ուխտեց նաեւ ՜՜յարգել պետական լեզուն, ազգային մշակոյթը եւ սովորութիւնները՝՝: Այս առթիւ, Պր. Նախարարը Հոգեւոր Տիրոջ նուիրեց նաեւ երեք լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն պատկերազարդ գիրք-ալբոմ մը՝ «Հայաստան» անունով: Ան նուիրեց նաեւ Հայաստանի տեսարժան վայրերը պատկերացնող նկար- շրջանակ մը, «Սա է Հայաստան» պատրաստուած DVD մը, Հ Հ ոստիկանութեան 10-ամեակի առիթով պատրաստուած գինի, ինչպէս նաեւ շքանաշան մը, որուն վրայ քանդակուած են Հայաստանի Առաքելական երեք գլխաւոր եկեղեցիները՝ Էջմիածին, Հրիփսիմէ եւ Շողակաթ: Հոգեւոր Տէրը իր երախտագիտական զգացումները արտայայտեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին, յանձին Պր. Ալիք Սարգսեանի, եւ հրաւէր ուղղեց Պր. նախարարին այցելելու՝ Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան հնաշէն Վանքը, անոր թանգարանը, մատենադարանը եւ ձեռագրատունը: Ապա Պր. Նախարարին յանձնեց Հայաստանի քրիստոնէացման 1700 ամեակի շքանշանը: Արարողութենէն ետք, բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Վարժարանին սեղանատունը, ուր իրենց ի պատիւ ընթրիք մը սարքուած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.