2010-04-23 13:45:25

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ԻՐ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
«ԱՅՍ ՊԱՀԷՆ ՍԿՍԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՓՈՒԼԸ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆՔ ՍՊԱՌԱԾ ԵՒ ԿԸ ԿԱՍԵՑՆԵՆՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆՑ ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԸ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր մը ստորագրած է ՝՝Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին՝՝ եւ ՝՝Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին՝՝ 10 հոկտեմբեր 2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգը կասեցնելու մասին։ Հրամանագիրով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին յանձնարարուած է արձանագրութիւններու վաւերացման ընթացակարգը կասեցնելու մասին տեղեակ պահել՝ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը։ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հայ ժողովուրդին յղեց իր պատկերասփռուած ուղերձը, որուն մէջ հիմնաւորեց Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հոլովոյթի կասեցման որոշումին պատճառները։ Միշտ երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ քաղաքական մեծամասնութիւն կազմած կուսակցութիւններու քաղաքական խորհուրդները հրապարակեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անհրաժեշտ կը նկատեն Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հոլովոյթին առկախումը եւ այդ արձանագրութիւններուն քննարկումը խորհրդարանի օրակարգէն հանելը։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼԷ
Թրքական ՝՝Անգարա՝՝ գործակալութիւնը փորձած է Հայաստանի իշխող համաձայնական կառավարութեան կուսակցութեանց յայտարարութեան մասին ճշդել Ուաշինկթընի տեսակէտը՝ դիմելով Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան։ Սակայն ամերիկեան դեսպանատան մամլոյ բանբերը հրաժարած է հարցի առնչութեամբ որեւէ մեկնաբանութիւն կատարելէ։ ՝՝Ներկայ փուլին, մենք առայժմ ձեռնպահ պիտի մնանք հարցին առնչութեամբ որեւէ մեկնաբանութիւն կատարելէ՝՝ յայտարարած է դեսպանատան մամլոյ բանբեր Տեպորա Կուիտօ՝ աւելցնելով, որ ՝՝մենք կաջակցինք եւ պիտի շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին։
Էտըմ Շիֆ Պիտի Բանախօսէ Ապրիլ 24ի Գլխաւոր Ձեռնարկին։
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի հեղինակ Էտըմ Շիֆ պիտի բանախօսէ Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ կայանալիք ոգեկոչման գլխաւոր ձեռնարկին ընթացքին, որ պիտի սկսի կ.ե. ժամը 1:30:
Ելոյթ ունեցողներու շարքին է նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի մեծամասնութեան ղեկավար Չարլզ Քալտերոնը:
Քոնկրեսականներ Հաստատեցին Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Վաւերացնելու Յանձնառութիւնը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակ Նենսի Փելոսի ողջունած է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւի ընդունումը, եւ կոչ կատարած է իր գործընկերներուն շարունակելու այդ գործընթացը եւ հասնելու այն հանգրուանին, ուր Միացեալ Նահանգները պատշաճօրէն պիտի ճանչնայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու հանդէպ իրականացուած Ցեղասպանութեան իրականութիւնը։
Ելոյթ ունենալով Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Քոնկրեսի տարեկան միջոցառման ընթացքին, որ Չորեքշաբթի, Ապրիլ 21ին տեղի ունեցաւ Քոնկրեսին մէջ Հայկական հարցերով համախմբումին կողմէ՝ Փելոսի շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները պարտաւոր է կատարել այդ քայլը՝ յանուն Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն: Ներկայացուցիչներու Տան դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Սթենի Հոյըր նոյնպէս վերահաստատած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին բերելու եւ զայն վաւերացնելու յանձնառութիւնը, եւ կոչ կատարած է իր գործընկերներուն ու բոլոր ամերիկացիներուն, որ երբեք չըլլան անտարբեր դիտորդի դերի մէջ, երբ գործը կը վերաբերի մարդկութեան դէմ ուղղուած ոճրագործութիւններուն։ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութեան յանձնախումբի նախագահ Հաուըրտ Պըրմըն խօսած է Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ անոր ուրացման ընդդիմանալու բարոյական պարտաւորութեան մասին, իսկ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի հեղինակ Էտըմ Շիֆ վստահեցուցած է, որ հետամուտ պիտի ըլլայ Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի մէջ բանաձեւին վաւերացման։







All the contents on this site are copyrighted ©.