2010-04-23 14:49:28

2010 Քահանայական Տարի։Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը՝ Քահանայական Տարւոյն Առթիւ։


2010 Քահանայական Տարի։Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը՝ Քահանայական Տարւոյն Առթիւ։

Յիսուս եւ Քահանան - Սուրբ Պօղոս այսպէս կը հասկնայ իր կոչումը. ՝՝Մարդիկ թող մեզ այսպէս համարեն, որպէս Քրիստոսի սպասաւորներ եւ Աստուծոյ խորհուրդներուն մատակարարներ՝՝ (Ա. Կոր 4, 1)։ Իսկ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը քահանայական կարգին մասին կըսէ. ՝՝Կարգը այն սուրբ խորհուրդն է, որուն շնորհիւ Քրիստոսի կողմէ առաքեալներուն յանձնուած առաքելութիւնը կը շարունակուի Եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ լրումն ժամանակներուն՝՝։
Ուստի, քահանան նախ եւ առաջ Քրիստոսի սպասաւորն է։ Քրիստոսի սպասաւոր ըլլալը ցոյց կու տայ անոր պաշտօնին մեծութիւնը եւ պատիւը, որ պէտք է թրթռացնէ անոր սիրտը արդար հպարտութեամբ։ Քահանային ՝՝ինքնաթուղթը՝՝ որով կը ներկայանայ ամէն օր Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ, պէտք է կրէ սա տիտղոսը՝ ՝՝Սպասաւոր Յիսուս Քրիստոսի՝՝։ Ամէն քրիստոնեայ, մկրտութեամբ, Քրիստոսի սպասաւոր է, բայց քահանան՝ բոլորովին յատուկ կերպով այս պաշտօնը ստանձնած է։
Քրիստոսի հրահանգը առաքեալներուն՝՝ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ՝՝ (Յովհ 20, 21) քահանային գլխաւոր գործը կը նշէ, այսինքն շարունակել Քրիստոսի առաքելութիւնը աշխարհի վրայ։ Աստուած իր Միածին Որդին ղրկեց աշխարհ յատուկ պաշտօնով մը, զոր Յիսուս յայտնաբերեց Պիղատոսին առջեւ. ՝՝Ես ծնած եւ աշխարհ եկած եմ վկայելու համար ճշմարտութեան՝՝ (Յովհ 18, 37)։ Ուրեմն, Քրիստոսի գործը շարունակել՝ կը նշանակէ ճշմարտութեան վկայել, ճշմարտութիւնը յստակ կերպով ներկայացնել եւ ծանօթացնել մարդոց։ Այս է Եկեղեցւոյ էական պարտականութիւնը՝ ուսուցանել մարդոց ճշմարիտ եւ ուղիղ վարդապետութիւնը։ Բայց չի բաւեր միմիայն ժողովուրդին յայտարարել հաւատքի ճշմարտութիւնները, պէտք է նաեւ մարդոց օգնել, որպէսզի կարենան Հայր Աստուած-ը լաւ ճանչնալ եւ անոր հետ որդիական յարաբերութիւն մշակել։
Շատ կարեւոր է Աստուծոյ սէրը քարոզել մարդոց, բան մը, որ բազմաթիւ անգամներ Սուրբ Յովհաննէս կը կրկնէ աւետարանին մէջ. ՝՝Աստուած այնքա՜ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ անոր, չկորսուի, այլ՝ ընդունի յաւիտենական կեանքը՝՝ (Յովհ 3, 16)։ Յիսուս եկած է մարդոց յայտնելու Հօր Աստուծոյ առատ սէրը եւ փրկչական կամքը, որ վերջին ընթրիքին ատեն համառօտեց սա հակիրճ խօսքերով. ՝՝Հայրը ձեզ կը սիրէ՝՝ (Յովհ 16, 27)։
Եբրայեցիներուն ուղղուած թուղթը(խօսելէ ետք Յիսուսի մասին որպէս մեծ քահանայապետ) մարդ քահանան կը ներկայացնէ իբր ժողովուրդին սրտակից, քանի քահանան առնուած մարդոց մէջէն, հաստատուած է միջնորդելու համար ի նպաստ մարդոց, անոնց յարաբերութիւններուն մէջ Աստուծոյ հետ եւ մատուցանելու համար պատարագներ եւ զոհեր՝ մեղքերու թողութեան համար։ Կարող է կարեկից ըլլալ տգէտներու եւ մոլորեալներու, քանի որ ինքն ալ ենթարկուած է տկարութեան։ Այս պատճառով, պարտի ինքն իր անձին ինչպէս նաեւ ժողովուրդին մեղքերուն համար՝ զոհեր մատուցանել (Եբր 5, 1-3) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.