2010-04-22 13:31:03

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գործունէութիւնը :

Հինգշաբթի 22 Ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց.

Կարինալ Ռոտէ՝ կառավարիչը կրօնական հաստատութիւններուն ու միաբանութիւններուն,

Կարտինալ Գասբեր` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին,

Եղբայր Ալուա` Աբբահայրը՜՜Թեզէ՝՝ի կրօնաւորական համամիութենական հաստատութեան։

Նախապէս Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Մակեդոնիայի հանրապետութեան նոր դեսպանը տիար Գիորգեվիսքիի հաւատարմագրերը։

Անոր ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան հայրը նախ ընդգծեց տարեկան հանդիպումը Մակեդոնիայէն եկած պատուիրակութեան Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս սուրբ եղբայրնրեու տօնին առթիւ հիմնադիր սուրբերը Սլավ ժողովուրդներուն եւ պաշտպան սուրբերը քրիստոնեայ Եւրոպայի։ Այս տարեկան ժամադրութեան որպէս արդիւնք , երկկողմանի բարի յարաբերութիւն եղած է Մակեդոնիայի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ։ Այս առթիւ, կ'ուզեմ իմ գնահատանքս յայտնել Մակեդոնիայի իշխանութեան, որ յօժարակամ արտօնած է կաթողիկէ հաւատացեալներուն ունենալ իրենց եկեղեցինները երկրին զանազան վայրերուն մէջ։ Ձեզմէ կը խնդրեմ որ երկրի իշխանութիւններուն հաղորդէք իմ շնորհակալութիւնը ու աղօթքը երկրին բարգաւաճումին համար ու բոլոր երկրին մէջ տիրող համաձայնութեան ու ներդաշնակութեան։ Մաղթանքս է որ շուտով իրականանայ ձեր ժողովուրդին ձգտումը, միանալու՝ Եւրոպայի միութեան փոխադարձ ու հաւասար իրաւունքի ու պարտականութեան, միշտ յարգելով իւրաքանչիւր ժողովուրդի մշակոյթն ու աւանդութիւնները։ Տիար դեսպան, ձեր երկիրը առաքելական շրջանէն կառչած է քրիստոնէական հաւատքին, աղօթքս է որ միշտ հաւատարիմ մնաք ձեր այս քրիստոնէական մշակոյթին, հաւարատիմ մնալով՝ ընտանիքի հաստատութեան ու կեանքի պաշտպանութեան։ Վստահ եմ որ կաթողիկէ հասարակութիւնը իր նպաստը պիտի բերէ երկրին բարգաւաճումին եւ զօրավիգ կը կանգնի կարօտեալին ու անկարին։ Մաղթանքս է որ ձեր ներկայութեամբ՝ աւելի պիտի սերտանան կապերը Ս. Աթոռի ու Մակեդոնիայի ազգին միջեւ , եւ վստահ եղէք որ իմ գործակիցներս իրենց աջակցութիւնը պիտի բերեն լաւագոյնս կատարելու ձեզի յանձնուած պաշտօնը։





Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Ապրիլ 23-24 Վատիկանի մէջ տեղի կ'ունենայ եպիսկոպոսական սիւնոդոսի ընդհանուր քարտուղարութեան երրորդ խորհրդաժողովը ի պատրաստութիւն Հոկտեմբեր ամսոյն տեղի ունենալիք ''Միջին Արեւելքի եկեղեցիները'' նիւթին մասին սիւնոդոսին։ Երրորդ խորհրդաժողովին կը մասնակցի Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս պատրիարքը։



Ապրիլ 25 եկեղեցական կոչումներու 47-րդ օրնէ Ի պատրաստութիւն այդ օրուան համար ապրիլ 23-24 ին, գիշերային ուխտագնացութիւն կը կատարուի սուրբ Սեբաստիանոսի գերեզմանը։ Ուխտագնացութիւնը կը գլխաւորէ Հռոմի թեմի տեղապահը` կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինի, որ Ս. Պետրոս տաճարի մէջ մատուցանելիք պատարագով պիտի եզրափակէ ուխտագնացութիւնը։



Թորինօ թեմի առաջնորդը աղօթքի իննօրեայ մը խնդրած է իր հաւատացեալներէն ի պատրաստութիւն Սրբազան Քահանայապետի հովուական այցելութեան։



Թորինօ թեմի առաջնորդը կարտինալ Բոլեթթի պատգամ մը ուղղած է իր հաւատացեալներուն խնդրելով որ իննօրեայ մը աղօթեն ի պատրաստութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Թորինօ կատարելիք հովուական այցելութեան, Մայիս 2ին, մեծարելու Յիսուսի պատանքը։

Լաւագոյնս օգտուելու՝ Սրբազան Հօր ներկայութենէն, առաջնորդ կարտինալը բոլոր ժողովրդապետութիւններէն կը խնդրէ որ իննօրեայ աղօթք մը կատարեն։ Յայտնենք թէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս պատրիարքը 26 Ապրիլին, ուխտագնացութիւն կը կատարէ Յիսուսի պատանքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.