2010-04-22 13:34:28

Լուրեր հայ աշխարհէն


Իրանահայ աշակերտներու Կրթական մակարդակը բարձրացնող ծրագիր մը (Թեհրան)։
Նախաձեռնութեամբ՝ Թեհրանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու մէջ ՜՜ուղեցոյց օղակի աշակերտներուն գիտական տեղեկութիւններ փոխանցող ծրագիր՝՝։ Յիշեալ ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 122 աշակերտներ, որոնք յաջողած էին Կրթական խորհուրդին կողմէ Ազմունեարի կոչուող մրցումներուն, նաեւ՝ աւելի քան 50 միութենական ուսանողներ։
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն, մտային խաղեր, ձեռային աշխատանք եւ 12 տաղաւարներու (բժշկական, ատամնաբուժական, արուեստի, իրաւաբանական, ճարտարագիտական եւ ճարտարապետական, ելեկտրական, համակարգչային, շինարարական, աստղագիտական, սննդակարգի եւ երկրաբանութեան) ցուցահանդէս, ուր տեղադրուած էին համապատասխան ոլորտի գոյքեր եւ տեղեկութիւններ։

Ս Թարգմանչաց եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց միութիւնը 40 տարեկան։
Հովանաւորութեամբ՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, նշուեցաւ Թեհրանի Սասուն քաղաքամասի Ս Թարգմանչաց եկեղեցւոյ Եկեղեցասէր տիկնանց միութեան հիմնադրութեան 40-ամեակը։ Ատենապետ Գէորգ Աբուլեան ներկայացուց միութեան 40-ամեայ գործունէութիւնը։ Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք կարդացուեցաւ միութեան պատուոյ նախագահ Սաթենիկ Եղիայեանի խօսքը։

Շահէն Մազլումեանի գործերուն ցուցահանդէս, Գահիրէի մէջ։
Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Գահիրէի Հայ գեղարուեստասիրաց միութեան, տեղի ունեցաւ Շահէն Մազլումեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսը։
Մազլումեան ներկայացած էր 43 գործերով, իսկ ցուցադրութեան իր ընկերակիցները՝ Եասէր Ռոստոմ Գեղամ Ճղալեան՝ իւրաքանչիւրը 5 գործով։
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան։ Յայտնենք, որ Շահէն Մազլումեան ծնած է Գահիրէ։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Հայաստան։ Եօթը անդամներէ բաղկացած Գահիրէի Քաղաքական ժողովի անդամ է որպէս խորհրդական։ Լուսանկարչութիւնը իր գլխաւոր նախասիրութիւնն է, եւ անով կը զբաղի 14 տարեկանէն ի վեր։ Ան 2009-ին անդամ եղած է Գահիրէի լրատուական ընկերակցութեան։

Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով Սան Փաոլոյի մէջ։
22-24 ապրիլին Սան Փաոլոյի համալսարանին մէջ տեղի կ'ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը, որուն կազմակերպիչներն են նոյն համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը։
Գիտաժողովին կը մասնակցին ցեղասպանութեան եւ մարդու իրաւունքներու բնագաւառէն օտար գիտնականներ՝ Պրազիլէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Ֆրանսայէն, Թուրքիայէն եւ այլ երկիրներէ։
Ըստ Սան Փաոլոյի համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Լուսինէ Եղիազարեանի, սոյն ձեռնարկը տեղի կ'ունենայ Հ Հ եւ Սան Փաոլոյի նահանգային կառավարութեան հովանիին տակ։

Ռեւիշտ Արմինիա ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Կլենտէյլի գրադարանին մէջ (Միացեալ Նահանգներ)։
Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ռեւիշտ Արմինիա (1919) ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Օրօրա Մարտիկեանի պատմութեան նուիրուած եւ Ցեղասպանութեան մասին լոյս տեսած առաջին շարժապատկերն է եւ երկար տարիներ անհետանալէ ետք՝ մասամբ գտնուած էր։ Ձեռնարկին ներկայ էր շարժապատկերի պատմաբան Էնթընի Սլատ, որ այս մասին հատոր մը հրատարակած եւ վերարտադրած էր գտնուած ժապաւէնին բաժինները։

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչքարի զետեղում Մոնթեվիտէոյի Արմենիա անուան հրապարակին վրայ։ (Ուրուկուէյ)։
Խաչքարի բացումը տեղի պիտի ունենայ 24 Ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 95-րդ տարելիցին նուիրուած յուշահանդէսի ընթացքին։ Այս ծրագիրը իրագործած է Հայ ազգային կեդրոնը եւ Արմենիա հրապարակի Ազգային յանձնախումբը։

Լոս Անճելոս - Ապրիլի 23ի երեկոյեան, ժամը 5ին, Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Մեծ Եղեռնի նահատակներուն, ծաղկամատոյց պիտի կատարէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող «Ղօղանջ Ոգեկոչման» խաչքարին առջեւ: Գրողները նաեւ պիտի ընթերցեն նահատակ գրողներու ստեղծագործութիւնները՝ հնչեցնելով նահատակներու անմեռ խօսքը:

Սուրիա- Յոբելենական հանդիսութիւն՝ նուիրուած ՀՕՄ-ի՝ 100, ՍՕԽ-ի՝ 90, եւ Էրեբունի մասնաճիւղի՝ 80 ամեակներուն։
Հայ կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն նուիրուած Հայ Օգնութեան Միութեան՝ 100, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի՝ 90 եւ Էրեբունի մասնաճիւղի՝ 80-ամեակներուն։
Օրուան հանդիսավարը՝ Սոնա Քիւրտեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Գոհարիկ Պոտիկեանը՝ փոխանցելու վարչութեան խօսքը։ Իր խօսքին մէջ, Գոհարիկ Պոտիկեան շեշտեց, թէ հայրենի հարազատ հողէն հեռու, սփիւռքեան դառն ու դաժան պայմաններուն մէջ, ՜՜ապրիլ ու գոյատեւել իբրեւ հայ, պահել սեփական դպրոց ու մշակոյթ, պահել սեփական դիմագիծ՝ համազօր ու հաւասար են հսկայ ու անսահման նուիրումի, գիտակցութեան ու հայրենասիրութեան՝՝։ Ան հաստատեց, որ ՀՕՄ-ը ազգային գիտակցութեամբ հիմնուած այն մարդասիրական կազմակերպութիւնն է, որ հարազատ արտայայտիչը եղաւ իր ժողովուրդի դարաւոր վիշտին, սփոփեց անոր ցաւերը՝ անսակարկ ծառայութեամբ, մեղմացուց զաւակներուն դառնութիւնները՝ իր գուրգուրոտ վերաբերմունքով, մայրական քնքշութեամբ ու դարձաւ բալասան՝ տառապած հոգիներու։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.