2010-04-22 14:11:47

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԻՐ ԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ կայացած է Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։ Հանրապետութեան նախագահը խորհուրդի անդամներուն տեղեկութիւններ տրամադրած է Ուաշինկթըն եւ Մոսկուա կատարած իր այցելութիւններուն վերաբերեալ։ Այնուհետեւ քննարկուած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի վերջին զարգացումները։ Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ այս խնդիրին առնչութեամբ խորհրդակցութիւններ կատարած է համաձայնական կառավարութիւնը կազմող կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք կայացուած որոշումին մասին՝ Հանրապետութեան Նախագահը այսօր ուղերձով մը պիտի դիմէ հայ ժողովուրդին։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՇԱՀԱԳՐԳԻՌ Է ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԽՈՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ՝՝ Կ՛ԸՍԷ ԱՐԹՈՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ։
Երէկ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Պաղտասարեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Լեհաստանի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը՝ Զտիսլաւ Ռաչինսքին։
Պաղտասարեան դեսպանին ցաւակցած է օդանաւային արկածի պատճառով Լեհաստանի նախագահին, անոր կնոջ եւ լեհ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու զոհուելուն տխուր առիթովը։ Կողմերը քննարկած են հայ - լեհական երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր։ Արթուր Պաղտասարեան նշած է, որ Հայաստան շահագրգիռ է տարբեր ուղղութիւններով Լեհաստանի հետ իր համագործակցութիւնը խորացնելու հարցով։ Քննարկուած են Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին եւ Լեհաստանի Ազգային անվտանգութեան գրասենեակին միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ հայ - թրքական յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերող հարցերուն։
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՊՐԱՏՔԷԻ ՀԵՏ ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէ Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Մոսկուայի մէջ Մինսքի խմբակի համանախագահներու ամբողջ կազմով այսօր տեղի ունենալիք հանդիպումին ընթացքին պիտի յստականան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպման օրը, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ յառաջիկայ քայլերը։ Ըստ Պրատքէի, Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած են լուրջ եւ կառուցողական բանակցութիւններ։
ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ ՕՊԱՄԱՅԻ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄԸ ԿԸ ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի 14 անդամներ՝ Քալիֆորնիայէն ծերակուտական Պարպարա Պոքսըրի գլխաւորութեամբ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային կոչ ուղղած են պատմական ճշմարտութեան կողմը բռնելու եւ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ծերակուտականները Օպամային կոչ կուղղեն սրբագրելու անարդարութիւնը եւ 20-րդ դարու մեծագոյն վայրագութիւնները վերջապէս անուանելու Ցեղասպանութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.