2010-04-20 13:53:38

Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Սուրբին մահը


Քահանայական տարի – Ժան Մարի Վիաննէ – Սուրբին մահը



Գաթերին Լազան կ’ընդգծէ թէ ‘Ժան Մարի շատ խաղաղ ու հանդարտ է’:

Երեկոյեան կը հասնի Գերպ. Լանկալերի եւ մահամերձի անկողինին քով ծունկի կ’իյնայ եւ կ’ըսէ քանի մը գուրգուրոտ խօսքեր:

Ժան Մարի զինք կը ճանչնայ, բայց այլեւս չի կրնար խօսիլ: Կ’առնէ եպիսկոպոսին լանջախաչը եւ շրթներուն վրայ կը դնէ: Ապա տակաւ առ տակաւ գիտակցութիւնը կը կորսնցնէ:

Հինգշաբթի, 4 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը երկուքին կը վախճանի հանդարտօրէն:

‘‘Այսպէս իր զոհուած կեանքը վերջացուց Աստուծոյ մեծ ծառան’’, կը գրէ պարզօրէն Գաթերին Լազան, վարդապետի հաւատարիմ ուղեկիցը:

Սրբակենցաղ ժան Մարի Վիաննէ սրբադասուեցաւ 31 Մայիս 1925ին Պիոս ԺԱ. քահանայապետին կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.