2010-04-20 13:53:23

Լուրեր հայկական կեանքէն –


Երեւան –Նոր հատոր մը, ‘‘մեծանուն աշուղ Ջիւանիի գործերը’’...

՜՜Աշուղ Ջիւանիի. անյայտ երգեր՝՝ հատընտիրին մէջ հրատարակուած են մեծանուն աշուղի 450 անհատ երգեր՝ անոր մահէն 100 տարի ետք։ Հանրապետութեան վաստակաւոր արտիստ Թովմաս Պօղոսեանը, ընտրելով աշուղական արուեստի ուղին, կանգ կ'առնէ Ջիւանի ժառանգութեան վրայ. ան կը յայտնէ թէ տարիներու ընթացքին կը նկատուի, որ դեռ եւս կան անտիպ բազմաթիւ նիւթեր։ Անոնք գտնելու եւ ի մի բերելու համար Թովմաս Պօղոսեանը գործած է 20 տարի։ 450 տակաւին անտիպ նիւթերը իրենց մէջ կը պարունակեն միայն գրութիւններ։ Մեղեդիները, դժբախտաբար, չեն պահպանուած։ Թովմաս Պօղոսեան կը հաւատայ, թէ աշուղական արուեստը հնարաւորութիւն կուտայ վերականգնելու մեղեդիները։



Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներ։

Ապրիլ ամսոյն կը նշուի Հայոց ցեղասպանութեան սկսման իննսունհինգերորդ տարեդարձը։ Արտասովոր վաւերագրական ժապաւէն մը ցոյց կու տայ, թէ ինչո՛ւ Գերմանիան եւ այլ երկիրներ լուռ մնացին։

Անցեալի ոգիները այժմ կ'արթննան՝ ի հակազդեցութիւն ճնշումի, յատկապէս՝ հայկական սփիւռքին կողմէ։ Ամէն գարնան, նախքան 24 ապրիլին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ մտաւորականներու ձերբակալման օրուան նշումը, ձերբակալութիւն մը, որ նշեց 1915-ի տեղահանումներուն սկիզբը, յաւելեալ խորհրդարաններ կորդեգրեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օրինագիծեր Ֆրանսան՝ 2001-ին, Զուիցերիան՝ 2003-ին, իսկ այս տարի՝ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին հարցերու յանձնախումբը եւ Շուէտի խորհրդարանը։

Ամէն անգամ որ այդպիսի օրինագիծ մը կ'որդեգրուի, Անգարա կը սպառնայ քաղաքական հետեւանքներով եւ վերջ ի վերջոյ չի գործադրեր զանոնք։ Այդ մէկը դարձած է ծէս մը, որուն նպատակը հարցականի տակ առնուած է Հրանդ Տինքի նման մարդոց կողմէ։

Ան իր կեանքի գնով պաշտպանեց իր տեսակէտները։ 19 յունուար 2007-ին Տինք սպաննուեցաւ օր ցերեկով։

Այն երկու հարիւր հազար թուրքերը, որոնք քայլարշաւ կատարեցին Պոլսոյ փողոցներուն մէջ անոր թաղումին՝ վեր բռնած ՜՜Մենք բոլորս հայ ենք՝՝ կարդացող պաստառներ, խայտառակ ըրին իրենց երկրին կառավարութիւնը՝ իրենց այդ համարձակութեամբ։ Իրականութիւն մը, որ հազարաւոր թուրքեր դիմագրաւած են իրենց սեփական ընտանիքներուն մէջ, կը թուի շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ձգած ըլլալ, քան՝ դիւանագիտական ճնշումը։

1980-ականներու սկիզբը Պոլսոյ փաստաբաններէն Ֆեթհիյէ Չեթին յայտարարեց, թէ հայկական արմատներ ունէր։ Անոր մեծ մայրը՝ Սեհեր, այդ իրականութիւնը իրեն յայտնած էր, տառապալից տասնամեակներէ ետք։ 1915-ին Սեհեր, որուն մկրտութեան անունը Հրանուշ էր, ականատես եղած էր իր գիւղացի տղամարդոց խողխողման։ Ան վերապրած էր՝ որդեգրուելով թուրք պաշտօնատարի մը ընտանիքին մէջ, հասակ նետած էր իբրեւ իսլամ աղջիկ մը եւ վերջ ի վերջոյ ամուսնացած՝ թուրքի մը հետ։ Ան մէկն էր այն հազարաւոր պահուած հայերէն, որոնք փախցուած էին մարդասպաններէն եւ խառնուած՝ թրքական ընկերութեան մէջ։

Իր մեծ մօր բացայայտումները, ցնցիչ էին Չեթինի համար, որ սկսաւ իր շուրջը դիտել տարբեր աչքերով։ 2004-ին Չեթին գրեց գիրք մը, որուն մէջ կը ներկայացնէ իր ընտանիքին պատմութիւնը։ Աննէ-աննէմը (Մեծմայրս) դարձաւ պեսթսելըր մը եւ անհամար ընթերցողներ կապուեցան Ճեթինի հետ, անոնցմէ շատեր՝ գնահատանքի խօսքերով։

Ուրիշներ, անիծեցին զինք՝ դաւաճան կոչելով։ Բայց թապուն կոտրուեցաւ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.