2010-04-20 13:13:24

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՔԱՐՈԶԱՐՇԱՒԸ։ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երէկ սկսաւ խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը։ 23 մայիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին չորս կուսակցութիւններ։ Ազգային ժողովի 33 պատգամաւորներէն 17-ը պիտի ընտրուին համամասնական, իսկ 16-ը՝ մեծամասնական ընտրակարգով։ Այս տարի հանրային պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայանով քարոզչութիւն կատարելու իրաւունքը միայն կուսակցութիւններուն վերապահուած է։ Առաջին օրը բոլորին 4-ական վայրկեան, միւս օրերուն՝ 3-ական եւ վերջին օրը 5 վայրկեան պիտի տրուի։ Այնպէս որ, հաւասար պայմաններ կը ստեղծենք, ըսած է Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Սերկէյ Նասիբեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին ։ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին մամլոյ ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախագահ Բակօ Սահակեան ընտրութիւններուն մասնակցող բոլոր կուսակցութիւններուն եւ պատգամաւորութեան թեկնածուներուն կոչ ուղղած է ընտրարշաւը քաղաքակիրթ ձեւով վարելու, կառուցողական մթնոլորտի մէջ, օրէնսդրութեան եւ բարոյական չափանիշներուն համապատասխան։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻՆ ՄԷՋ
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵ ԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ։
Երէկ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային մէջ սկսաւ Ցեղասպանութեան 95-ամեակին նուիրուած միջազգային Գիտաժողովը։ ՝՝Ճանաչում, դատապարտում, հատուցում՝՝ խորագիրը կրող Գիտաժողովին կը մասնակցին ոչ միայն տեղացի, այլեւ արտերկրէն հրաւիրուած մասնագէտ-պատմաբաններ։ Ներկայացուած նիւթերու ցանկը կ՝ընդրկէ միջազգային ճանաչման նոր հանգրուանի առանձնայատկութիւններէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերացման կարելիութիւնները։ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան ՝՝Ռատիոլուրին՝՝ հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Ցեղասպանութեան 95-ամեակի ձեռնարկներու հիմնական նպատակը ոչ միայն նահատականներու, այլեւ ճշգրիտ գործողութիւններու ձեւակերպումն է ինչպէս՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին համակողմանիօրէն նախապատրաստուիլը։ ՝՝Ասիկա մեզի համար որոշիչ տարի է, իսկ աւելի ճշգրիտ՝ սկզբնաւորման տարի, որպէսզի այս տարուընէ սկսեալ յստակ ծրագիրով նախապատրաստուինք հարիւրամեակի ձեռնարկներուն՝՝ ընդգծեց Դեմոյեան։

ՊՈԼՍՈՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԹԱՔՍԻՄ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐԱՅ ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՐՆԻ ԶՈՀԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ։
Թուրք յայտնի մտաւորականներ կոչ ըրած են ապրիլ 24-ին հաւաքուիլ եւ սգալ Մեծ Աղէտի զոհերու յիշատակը։ Թուրք յայտնի մտաւորականները ապրիլ 24-ի կապակցութեամբ կոչով մը հանդէս եկած են, ապրիլ 24-ին հաւաքուելու եւ միասին սգալու համար՝ 1915-ի զոհերը։ Կոչին մէջ կը նշուի հետեւեալը . «1915-ին, երբ Թուրքիոյ բնակչութիւնը 13 միլիոն էր, այս հողերու վրայ 1.5-2 միլիոն հայեր կ՝ապրէին : Թրակիայի , Եգէական հատուածի մէջ, ապա Անատոլույի Ատանա, Մալաթիա, Վան, Կարս քաղաքները, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Սամաթիա եւ Շիշլի թաղերը եւ այլուր: Անոնք մեր թաղամասերու ընկերներն էին,մեր դերձակները, ոսկերիչները, կոշկակարները, ջրաղացպանները, դասընկերները, ուսուցիչները, սպաները, զինուորները, պատգամաւորները, պատմաբանները, երաժըշտահանները …: Անոնք մեր դռնկից հարեւաններն էին, մեր հոգսերը կիսողները: 1915-ի ապրիլ 24-ին սկսաւ անոնց աքսորը: Զանոնք կորսնցուցինք: Արդէն չկան: Մեր մէջ չկայ այդ մեծամասնութիւնը : Նոյնիսկ անոնց գերեզմանները չկան : Սակայն մեր խղճին մէջ այդ Մեծ Աղէտի Մեծ Ցաւը 95 տարի էի վեր գոյութիւն ունի եւ աւելի մեծցած է : Մենք կոչ կընենք այն բոլոր թուրքերուն , որոնք իրենց սրտին մէջ կը զգան այդ Մեծ Ցաւը,եւ կ՝ուզեն 1915-ի զոհերու յիշատակի առջեւ խոնարհիլ : Սեւ զգեստներով, անձայն, վառող մոմերով ու ծաղիկներով…: Որովհետեւ այդ ցաւը` ՄԵՐ ցաւն է: Այդ սուգը` ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻՆ:

Կը հաւաքուինք 24 Ապրիլին,ժամը 19:00-ին, Իստամպուլի կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակին վրայ»: Այս կոչի հեղինակներն են` յայտնի մտաւորական Պասքըն Օրան, Փաստաբանուհի Ֆեթիյէ Չեթինը, յայտնի պատմաբան եւ լրագրուհի Նեշէ Տիւզել, Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու միութեան նախագահ /a> , եւ թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ուֆուք Ուրասը եւ այլոք:







All the contents on this site are copyrighted ©.