2010-04-20 13:07:59

2010-Ը Հայ Կնոջ Տարին։


2010-Ը Հայ Կնոջ Տարին։ Կնոջ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները՝ Այսօր։



Հետզհետէ նոր ծաւալ կը ստանայ նաեւ բռնութիւնը կնոջ նկատմամբ՝ զանազան կերպերով, տեսանելի եւ ոչ-տեսանելի միջոցներով, թէ՛ ընտանեկան, թէ՛ կառոյցներու եւ թէ ընկերութեան հաւաքական կեանքէն ներս։ Ֆիզիքական ինքնապաշտպանութենէ զուրկ կնոջ դէմ կառոյցներու եւ ընդհանրապէս արական սեռի այս բիրտ վերաբերումը ո՛չ միայն խստօրէն դատապարտելի է՝ կրօնական ու բարոյական չափանիշերով, այլ նաեւ քրէական յանցանք կը նկատուի շարք մը ընկերութիւններու մօտ։

Արդարեւ, բռնութիւնը ընդհանրապէս մարդ արարածին ու նաեւ բնութեան նկատմամբ մերժելի վարքագիծ մըն է։ Յատկապէս կնոջ դէմ բռնութեան նուազագոյն ձեւն իսկ արմատախիլ պէտք է ըլլայ ընկերութեան կեանքէն։ Սա արդարօրէն կնոջական շարժումներուն առաջնահերթ պահանջքներէն մէկն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.