2010-04-19 12:15:07

Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՕԴԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ` ՄԵԾ ՎՆԱՍ ԿՐԱԾ։ Միլիոնաւոր անօգնական ճամբորդներ օդային ճամբորդութեան յաւելեալ քաոս կը դիմագրաւեն, մինչ Իզլանտայի մէջ ժայթքած հրաբուխէն բարձրացած ամպի փոշին, որ Եւրոպայի օդային տարածքին մեծամասնութիւնը փակեց, կը շարունակէ տարածուիլ։ Շուրջ քսան երկիրներ փակեցին իրենց օդային տարածքը եւ կարգ մը երկիրներ օդանաւերու թռիչքի արգիլումը երկարաձգեցին մինչեւ այսօր։ Մասնագէտներ կը յայտնեն, որ փոշիի ամպը այս շաբթուան վերջաւորութենէն առաջ կրնայ իր ուղղութիւնը չփոխել։ Կը հաղորդուի, որ օդային ճամբորդութեան խանգարման տարողութիւնը աւելի մեծ եղաւ , քան 11 սեպտեմբեր 2001-ին։ Կարգ մը օդանաւային ընկերութիւններ, ինչպէս՝ ՝՝Լուֆթանզա՝՝ ՝՝Քա.Էլ.Էմ՝՝ եւ ՝՝Էր Ֆրանս՝՝ ներկայիս փորձ-թռիչքներ կը կատարեն՝ փորձելով թռիչքներու աւելի ապահով ուղիներ գտնել։ Իտալիոյ մէջ յաւելեալ փորձարկումներ կատարուեցան,սակայն ՝՝Ալիթալիա՝՝ Իտալական օդանաւային ընկերութիւնը այսօր տեղեկացուց թէ մինչեւ վաղը 20 ապրիլ ,առաւօտեան ժամը՝ 8-ը ջնջուած են բոլոր թռիչքները ՝՝ վայրէջք եւ մեկնում՝՝ Միլանոյի՝Լինաթէ եւ Մալբէնսա օդակայաններէն,ինչպէս նաեւ Պերկամօ,Թորինօ,Ճէնովա,Վերոնա,Վենէտիկ,Թրիեսթէ,ֆիրէնզէ,Անգոնա եւ Պոլոնիա օդակայաններէն։ Առկախուած են նաեւ կապերը՝Լոնտրայի,Ամսթերտամի,Փարիզի եւ Պրիւքսէլի հետ մինչեւ համապատասխան օդակայաններու վերաբացումը։ Հարաւային Իզլանտայի մէջ գտնուող հրաբուխը սկսաւ ժայթքիլ չորեքշաբթի օրը(այս ամսուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով) հրաբխային մոխիր ժայթքեցնելով մինչեւ 8.5 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ։ Գերմանիա ժամանակաւորապէս վերաբացած է 6 օդակայաններ, իսկ Ֆրանսա եւ Սպանիա վերաբացած են իրենց հարաւային օդակայանները։
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ՊԱՔՈՒ ԲԱՆԱՎԷՃ։
Ազրպէյճանի նախագահի վարչակազմի հասարակական-քաղաքական բաժանմունքի ղեկավար Ալի Հասանով ՝՝Ռոյթըրզ՝՝ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ազրպէյճան, Ուաշինկթընը կը մեղադրէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ հայերուն օգտին կողմնակալութիւն դրսեւորելուն համար։ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մամլոյ բանբերը՝ արձագանգելով Հասանովի յայտարարութեան, ՝՝Ամերիկայի Ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ Ուաշինկթըն ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ միշտ հանդէս եկած է հաւասարակշիռ նախաձեռնութիւններով եւ միշտ կոչ ուղղած է տագնապը լուծելու խաղաղ միջոցներով։ Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Քրաուլի Ուաշինկթընի մէջ բաւական հետաքրքրական յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ ՝՝մենք կը սատարենք Լեռնային Ղարաբաղին եւ Ազրպէյճանին վերաբերող մինսքեան հոլովոյթին՝՝ այդպիսով Լեռնային Ղարաբաղը բանակցային հոլովոյթին կողմ նկատելով։
ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁԸ՝ ՄԱՀՄՈՒՏ ԱՊՐԱՇ-ին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Սուրիոյ Անկախութեան Տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մահմուտ Ապրաշին։ Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս կ՝ըսուի ՝՝Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ անձամբ իմ անունովս սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ, մեր բոլոր գործընկերները եւ Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդը՝ Անկախութեան օրուան առիթով։ Վստահ եմ, որ Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջ-խորհրդարանական սերտ կապերը աւելի պիտի աշխուժանան եւ ընդլայնին։Իսկ 15 ապրիլին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Հայաստանի Ազգային ժողովի Պատուոյ Մետալով պարգեւատրած է Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի (խորհրդարան) արտաքին կապերու յանձնախումբի անդամ, Սլովաքիոյ Հանրապետութեան Ազգային Խորհուրդի նախկին նախագահ Փաւոլ Հրուշովսքին՝ 30 նոյեմբեր 2004-ին Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման աջակցելուն համար։Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւի արժանանալուն համար՝ Փաւոլ Հրուշովսքի ըսած է ՝՝Հայերուն հանդէպ կատարուած Ցեղասպանութիւնը բոլորը պէտք է նկատեն ոճիր ընդդէմ համայն մարդկութեան։ Մենք կը պահանջենք, որ զայն կատարողները լրջութիւն ունենան եւ իրենց կատարած ոճիրը ամբողջ խորութեամբ ընկալեն։ Ես հպարտ եմ, որ Սլովաքիոյ խորհրդարանը քաջութիւնը ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը որպէս փաստ ընդունելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.