2010-04-18 13:20:48

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Մալթա


Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին առաքելական այցելութիւնը Մալթա



Շաբաթ ապրիլ 17-ին երեկոյեան ժամը 5ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ոտքը դրաւ մալթա, ուր իրեն կը սպասէին կղզիի եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւնները ու բիւրաւոր մալթացիներ, որոնք բոլոր ճամբուն երկայնքին, ծափողջուներով ընդունեցան Յիսուսի անունով եկած հիւրը։ Արդարեւ Նորին Սրբութիւնը բարիգալուստի արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ ''ես ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս Ս. Պետրոսի յաջորդը, եկած եմ ձեզ հաւատքի մէջ հաստատելու եւ քաջալերելու ձլր հիւրընկալ քաղաքականութիւնը գաղթականներու ու փախստականներու։

Բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը մեկնեցաւ նախագահական պալատը այցելութիւն կատարելու երկրի հանրապետութեան նախագահին, պետութեան ներկայացուցիչներու ու դիւանագիտական մարմնին։

Նախագահին հետ խօսակցութեան նիւթերը եղան. Մալթային ներկայութիւնը Միջերկրականին մէջ, գաղթականութեան հարցերը, քրիստոնեական արժէքներու պաշտպանումը Եւրոպական Միութեան մէջ։

Ոսկիէ մատեանին մէջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ նախադասութիւնը գրեց. ''Այս սուրբ վայրին մէջ, որ տեսաւ ուխտաւոր Պօղոս առաքեալի քայլերը, կ'աղօթեմ որ Անոր նման , մենք եւս ճանչնանք, սիրել ու ծառայել Յարուցեալ Տիրոջ խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Թող Ամենական Տէրը օրհնէ մալթան եւ Կոզօ''։

Խօսակցութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նախագահական պալատին առջեւ կեցած մանուկները իրենց ծնողներուն հետ եւ ինքնաբուխ ուղղուեցաւ ողջունելու հիւանդ մանուկները։

Հուսկ Ժամը 19.45ին Նորին Սրբութիւնը այցելեց Ս. Պօղոսի Ռապաթ քարայրը։ Պահ մը Պօղոս առաքեալի արձանին առջեւ աղօթեց եւ սրբավայրին նուիրեց արծաթէ կանթեղ մը։

Խօսքը ուղղելով քարայրին շուրջ համախմբուած հաւատացեալներու ու 250 միսիոնարներուն ըսաւ. Դուք միսիոնարներ` Պօղոսի նման Քրիստոսի Աւետարանը կը ճանչցնէք։ Սիրելի առաքեալներ, յանուն Եկեղեցւոյ ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր այս վսեմ առաքելութեան համար, ուր ձեր քարոզութեամբ վկայութիւն կու տաք Յարուցեալ Քրիստոսի ու ծառայութիւն կը մատուցէք կարիգաւորներուն։ Ձեր այս առաքելական գործունէութեամբ կը պատուէք ձեր երկիրը եւ վկայութիւն կու տաք թէ Մալթան որքան արմատացած է Աւետարանին մէջ։ Ապա Նորինն Սրբութիւնը կը խրախուսէՄալթայի հաւատացեալները եւ մասնաւորապէս նոր սերունդը, որ իր կարգին վկայութիւն տայ հաւատքի գեղեցկութեան ու հարստութեան

Կիրակի 18 ապրիլ, քահանայապետ ընտրութեան 5րդ տարեդարձի նախօրեակը, Նորին Սրբութիւնը ֆլորիանա քաղաքին մէջ բացօդեայ պատարագ մատուցեց։ Եւ մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը ըսաւ. Մալթայի մշակոյթը հարուստ է իր բազմազանութեամբ, ասիկա նշանէ թէ ձեր ժողովուրդը ծովէն եկած ճամբորդներէն գաղեց մեծ բարիքներ ու պարգեւներու փոխանակում։ Կը քաջալերեմ ձեզ ընթանալ այս նոյն ուղղիէն։ Գիտցէք թէ աշխարհի ընծայած կարելիութիւնները միշտ օգտակար չեն։ Շատեր կ'ուզեն մեզ համազոել հեռանալ Աստուծմէ ու Եկեղեցիէն, ու նախընտրել իրենց ընտրութիւնները։ Յիսուսի աշակերտները, ամէնքը մասնագէտ ձկնորսներ, ճգնեցան բոլոր գիշերը, սակային ի զուր, չկարողացան որսալ ոչ իսկ մէկ ձուկ մը։ Սակայն երբ Տէրը երեւեցաւ անոնց ծովեզերքը մատնանշեց անոնց վայրը ձուկ որսալու, անոնց ցանցերը ձուկով լեցուեցան։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր երբ մեր վստահութիւնը դնենք Յիսուսի վրայ ու հետեւինք անոր ուսուցումին կը քաղենք միշտ մեծ եւ օգտակար պտուղներ։

Նշենք թէ ֆլորիանա քաղաքը նկատուած է սուրբ Փուլիուսի քաղաքը, որ գործ Առաքելոց գիրքին համաձայն հիւրընկալած է Պօղոս առաքեալը նաւաբեկութենէն ետք ու անոր հետ բարեկամութիւն հաստատած էր։

կէսօրին` Սրբազան Հայրը կիրակնօրեայ Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց։ Ապա առաքելական դեսպանութեան մէջ ճաշեց Մալթայի եպիսկոպոսներու հետ։

ժամը 16.45ին նաւով շրջապտոյտ կը կատարէ դէպի Լա Վալեթի մեծ նաւահանգիստը, ուր հանդիպում կ՝ունենայ կղզիի երիտասարդութեան հետ եւ որուն ընթացքին անոնց ճառ մը կ՝ ուղղէ։ Ողջերթի արարողութիւն նախատեսուած է ժամը 18.40ին Լուքա օդակայանին մէջ։ ժամը 19.10ին Նորին Սրբութիւնը կը մեկնի Մալթայէն դէպի Հռոմի Չամբինօ օդակայանը։

Յայտնենք թէ մալթան Եւրոպական միութեան ամենափոքր պետութիւնն է, կամուրջ մը կը հանդիսանայ Եւրոպայի ու Ափրիկէի միջեւ։ Մալթայի բնակչութեան 98 տոկոսը կաթողիկէ է, բնակչութեան 2 տոկոսը օրթոտոքս կամ մահմետական է։








All the contents on this site are copyrighted ©.