2010-04-18 12:15:00

Պենետիկտոս ԺԶ-ի այցելութիւնը Մալթա, Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950րդ տարեդարձին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 ապրիլ 2010-ի երեկոյեան ժամը 5ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ժամանեց Մալթա, ուր զինք դիմաւորեցին կղզիի եկեղեցական ու քաղաքական իշխանութիւնները ու բիւրաւոր մալթացիներ, որոնք բոլոր ճամբուն երկայնքին, ծափողջոյններով ընդունեցան Յիսուսի անունով եկած հիւրը։

Նորին Սրբութիւնը բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ ''ես ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս Ս. Պետրոսի յաջորդը, եկած եմ ձեզ հաւատքի մէջ հաստատելու եւ քաջալերելու ձեր հիւրընկալ քաղաքականութիւնը ի սպաս գաղթականներուն եւ փախստականներուն։ 

Բարի գալուստի արարողութենէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը մեկնեցաւ նախագահական Պալատ` ուր  այցելութիւն կատարեց երկրին հանրապետութեան նախագահին հանդիպում ունենալով պետութեան ներկայացուցիչներուն ու դիւանագիտական մարմնին հետ։

Նախագահին հետ խօսակցութեան նիւթերը եղան. Մալթային ներկայութիւնը Միջերկրականին մէջ, գաղթականութեան հարցերը, քրիստոնէական արժէքներու պաշտպանումը Եւրոպական Միութեան մէջ։ 

Ոսկիէ մատեանին մէջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ նախադասութիւնը գրեց. ''Այս սուրբ վայրին մէջ, որ տեսաւ ուխտաւոր Պօղոս առաքեալի քայլերը, կ'աղօթեմ որ Անոր նման , մենք եւս ճանչնանք, սիրենք ու ծառայենք Յարուցեալ Տիրոջ` խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ։ Թող Ամենական Տէրը օրհնէ Մալթան եւ Կոզոն''։

Ժամը 19.45ին Նորին Սրբութիւնը այցելեց Ս. Պօղոսի Ռապաթ քարայրը։ Պահ մը Պօղոս առաքեալի արձանին առջեւ աղօթեց եւ սրբավայրին նուիրեց արծաթէ կանթեղ մը։
Խօսքը ուղղելով քարայրին շուրջ համախմբուած հաւատացեալներուն ու 250 միսիոնարներուն ըսաւ. Դուք միսիոնարներ` Պօղոսի նման Քրիստոսի Աւետարանը կը ճանչցնէք։ Սիրելի առաքեալներ, յանուն Եկեղեցւոյ ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր այս վսեմ առաքելութեան համար, որոք վկայութիւն կու տաք Յարուցեալ Քրիստոսին ու ծառայութիւն կը մատուցէք կարիքաւորներուն։ Ձեր այս առաքելական գործունէութեամբ կը պատուէք ձեր երկիրը եւ կը վկայէք թէ Մալթան որքան արմատացած է Աւետարանին մէջ։ Ապա Նորինն Սրբութիւնը խրախուսեց Մալթայի հաւատացեալները եւ մասնաւորապէս նոր սերունդը, որ իր կարգին վկայութիւն տայ հաւատքի գեղեցկութեան ու հարստութեան

Կիրակի 18 ապրիլ 2010-ին, քահանայապետի ընտրութեան 5րդ տարեդարձի նախօրեակին, Նորին Սրբութիւնը ֆլորիանա քաղաքին մէջ բացօթեայ պատարագ մատուցեց որուն ընթացքին օրուան Աւետարանը մեկնաբանելով ըսաւ. ''Մալթայի մշակոյթը հարուստ է իր բազմազանութեամբ, ասիկա նշանէ թէ ձեր ժողովուրդը ծովէն եկած ճամբորդներէն գաղեց մեծ բարիքներ ու պարգեւներու փոխանակում։ Կը քաջալերեմ ձեզ ընթանալու այդ նոյն ուղիէն։ Գիտցէք թէ աշխարհի ընծայած կարելիութիւնները միշտ օգտակար չեն։ Շատեր կ'ուզեն մեզ համոզել հեռանալու Աստուծմէ ու Եկեղեցիէն, ու նախընտրել իրենց ընտրութիւնները։ Յիսուսի աշակերտները, ամէնքը մասնագէտ ձկնորսներ, ճգնեցան բոլոր գիշերը, սակայն ի զուր, չկարողացան որսալ ոչ իսկ մէկ ձուկ մը։ Սակայն երբ Տէրը երեւեցաւ անոնց, ցոյց տուաւ վայրը ձուկ որսալու եւ անոնց ցանցերը ձուկով լեցուեցան։ Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր երբ մեր վստահութիւնը դնենք Յիսուսի վրայ ու հետեւինք Անոր ուսուցումին կը քաղենք միշտ մեծ եւ օգտակար պտուղներ։ 

Նշենք թէ ֆլորիանա քաղաքը նկատուած է սուրբ Փուլիուսի քաղաքը, որ Գործ Առաքելոց գիրքին համաձայն հիւրընկալած է Պօղոս առաքեալը նաւաբեկութենէն ետք ու անոր հետ բարեկամութիւն հաստատած էր։ 

Կէսօրին` Սրբազան Հայրը կիրակնօրեայ Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց։ Ապա առաքելական դեսպանութեան մէջ ճաշեց Մալթայի եպիսկոպոսներուն հետ։ 

ժամը 16.45ին Սրբազան Քահանայապետը  նաւով շրջապտոյտ կատարեց  դէպի Լա Վալեթի մեծ նաւահանգիստը, ուր հանդիպում  ունեցաւ կղզիի երիտասարդութեան հետ եւ որուն ընթացքին անոնց ճառ մը  արտասանեց։

Ողջերթի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ  երիտասարդներու հետ հանդիպումին աւարտին։ Սրբազան Քահանայապետը Լուքա օդակայանին մէջ հրաժեշտ առաւ պատկան իշխանութիւններէն եւ 19.10ին բարձրացաւ օդանաւ ու  Մալթան թողելով վերդարաձ կատարեց դէպի Հռոմ` Չամփինօ օդակայան։

Յայտնենք թէ Մալթան Եւրոպական միութեան ամենափոքր պետութիւնն է։ Ան կամուրջ  կը հանդիսանայ Եւրոպայի ու Ափրիկէի միջեւ։ Մալթայի բնակչութեան 98 տոկոսը կաթողիկէ են, բնակչութեան 2 տոկոսը օրթոտոքս կամ մահմետական են։








All the contents on this site are copyrighted ©.