2010-04-18 13:21:40

Լուրեր հայ կեանքէն - Ոսկէ յուշամետալ Քիմիայի Նոպելեան մրցանակակիր Ա Չեխանովերին


Լուրեր հայ կեանքէն - Ոսկէ յուշամետալ Քիմիայի Նոպելեան մրցանակակիր Ա Չեխանովերին
Ապրիլ 13-ին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ նախարար Արմէն Աշոտեանը ԿԳՆ Ոսկէ յուշամետալը յանձնեց Հայաստանի մէջ հիւրընկալուող քիմիագիտութեան Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր Ահարոն Չեխանովերին։

Ահարոն Չեխանովերը իսրայելացի աշխարհահռչակ քիմիագէտ է, որ կարեւոր բացայայտումներ կատարած է գիտական իր մարզէն ներս եւ արժանացած է 2004ի Նոպելին։

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ՜՜ԱՂԷՏ-ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ՝՝ վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը Պերլինի մէջ։

90 վայրկեան տեւողութեամբ շարժապատկերը նկարահանուած է գերմանացի շարժապատկերի արուեստագէտներու կողմէ՝ 2009-2010 շրջանին, անոր բեմադրիչն է Էրիք Ֆրիտլըրն։ Շարժապատկերի ցուցադրութեան ներկայ եղած են Գերմանիոյ քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ եւ գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Տեսաերիզի ցուցադրութենէն ետք Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան եւ բեմադրիչ Էրիք Ֆրիտլըր ելոյթ ունեցան։ Ելոյթներուն հետեւած են մտքերու փոխանակում դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան նաեւ պատասխանած է մասնակիցներու հարցումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.