2010-04-17 13:59:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական ճամբորդութիւնը Մալթա,


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Մալթա։

Շաբաթ 17 Ապրիլ 2010ի՝ ժամը 15.25ին , Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իտալական օդանաւով մեկնեցաւ Մալթա։

Մէկ ու կէս ժամ տեւող թռիչքէն ետք, Սրբազան Հայրը ժամը 17ին իր առաջին ճառը կ՝արտասանէ ՜՜Մալթա՝՝ի հողին վրայ։

Նորին Սրբութիւնը կը յայտնէ թէ ՜՜Մալթա եկած եմ որպէս Ս. Պետրոսի յաջորդը, Մալթայի հաւատացեալները իրենց հաւատքին մէջ հաստատելու համար։

Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը կը գնահատէ Մալթայի նախագահին ու կառավարութեան հիւրընկալութիւնը ու տարած արդիւնաբեր աշխատանքը հանդէպ փախստական գաղթականներուն։

Այցելութիւն կատարելէ ետք Մալթայի հանրապետութեան նախագահին, ժամը 19.45ին Նորին Սրբութիւնը կ՝այցելէ Ս. Պօղոսի Ռապաթ քառայրը այնտեղ պահ մը աղօթելէ ետք ճառ մը կ՝արտասանէ։

Կիրակի 18 ապրիլին. իր քահանայապետ ընտրութեան 5րդ տարեդարձի նախօրեակը, Նորին Սրբութիւնը ֆլորիանա քաղաքին մէջ բացօդեայ պատարագ կը մատուցէ։

Նշենք թէ ֆլորիանա քաղաքը նկատուած է Սուրբ Փուլիուսի քաղաքը, որ գործք Առաքելոց գիրքին համաձայն հիւրընկալած էր Պօղոս առաքեալը նաւաբեկութենէն ետք, ու անոր հետ բարեկամութիւն հաստատած էր։

Ապա կէսօրին Սրբազան Հայրը կիրակնօրեայ Ողջ լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը կ'արտասանէ։

Կիրակի կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը առաքելական դեսպանութեան մէջ կը ճաշէ Մալթայի եպիսկոպոսներու հետ։ Ժամը 16.45ին նաւով շրջապտոյտ կը կատարէ Քալքարայէն դէպի Լա Վալեթի մեծ նաւահանգիստը, ուր հանդիպում կ՝ունենայ կղզիի երիտասարդութեան հետ եւ որուն ընթացքին անոնց ճառ մը կ՝ ուղղէ։ Ողջերթի արարողութիւնը նախատեսուած է ժամը 18.40ին Լուքա օդակայանին մէջ։ ժամը 19.10ին Նորին Սրբութիւնը կը մեկնի Մալթայէն դէպի Հռոմի Չամբինօ օդակայանը։

Յայտնենք թէ Մալթան Եւրոպական Միութեան ամենափոքր պետութիւնն է, կամուրջ մը կը հանդիսանայ Եւրոպայի ու Ափրիկէի միջեւ։ Մալթայի բնակչութեան 98 տոկոսը կաթողիկէ է, իսկ երկու տոկոսը օրթոտոքս կամ մահմետական է։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական ճամբորդութիւնը Մալթա, Պօղոս Առաքեալի կղզիի մօտ նաւաբեկութեանը 1950.րդ տարեդարձի առիթով։ Ստորեւ կարդանք Գործք Առաքելոցէն ՝՝Նաւաբեկութեան դէպքը՝՝ մանրամասնօրէն նկարագրուած։ Նշենք նաեւ որ այս յիշատակութիւնը ամէն տարի մեծ հանդիսութեամբ կը տօնախմբուի Մալթայի պետութեան ու ժողովուրդին կողմէ։

Մեկնում դէպի Հռոմ

1 Երբ որոշուեցաւ նաւարկել դէպի Իտալիա, Պօղոսը եւ ուրիշ քանի մը բանտարկեալներ յանձնեցին հարիւրապետի մը՝` որուն անունը Յուլիոս էր, *Սեբաստեան գունդէն։

2 Մտնելով ադրամինտական նաւ մը, մեկնեցանք, եւ պիտի նաւարկէինք Ասիայի *ծովեզերքէն, մեզի հետ էր նաեւ Արիստարքոս Մակեդոնացին՝ Թեսաղոնիկէէն։

3 Հետեւեալ օրը իջանք Սիդոն։ Յուլիոս՝` մարդասիրութեամբ վարուելով Պօղոսի հետ՝` արտօնեց որ երթայ բարեկամներուն եւ վայելէ անոնց խնամքը։

4 Մեկնելով անկէ՝` նաւարկեցինք Կիպրոսի վարի կողմէն, քանի որ հովերը հակառակ էին։

5 Յետոյ՝` նաւարկելով Կիլիկիայի ու Պամփիւլիայի ծովուն մէջէն՝` իջանք Լիկիայի Միւռա [քաղաքը]։

6 Հարիւրապետը գտաւ հոն աղեքսանդրիական նաւ մը՝` որ կ'երթար Իտալիա, ու մեզ մտցուց անոր մէջ։

7 Շատ օրեր դանդաղօրէն նաւարկելէ ետք՝` հազիւ հասանք Կնիդոսի դիմաց քանի հովը չէր թոյլատրեր, Կրետէի վարի կողմէն՝` Սաղմոնայի դիմացէն նաւարկեցինք,

8 եւ դժուարութեամբ անկէ անցնելով՝` եկանք տեղ մը, որ կը կոչուէր Գեղեցիկ նաւահանգիստ, անոր մօտ էր Ղասեա քաղաքը։

Փոթորիկ եւ նաւաբեկութիւն

9 Երբ բաւական ժամանակ անցաւ, ու նաւարկութիւնը արդէն վտանգաւոր էր, քանի որ ծոմին ատենն ալ արդէն անցած էր, Պօղոս յորդորեց զանոնք

10 ըսելով ՝՝Մարդի՛կ, ես կը նշմարեմ թէ այս նաւարկութիւնը պիտի ըլլայ վնասով ու կորուստով, ո՛չ միայն բեռին եւ նաւուն՝` հապա մեր անձերուն ալ՝՝։

11 Բայց հարիւրապետը կ'անսար աւելի նաւավարին ու նաւատիրոջ՝` քան Պօղոսի խօսքերուն։

12 Եւ քանի որ [այդ] նաւահանգիստը անյարմար էր ձմերելու, շատեր կը թելադրէին մեկնիլ անկէ, որպէսզի *ջանային հասնիլ Փիւնիկէ, որ Կրետէի մէկ նաւահանգիստն է ու կը նայի դէպի հարաւ-արեւմուտք եւ հիւսիս-արեւմուտք, ու հոն ձմերել։

13 Երբ հարաւային հովը մեղմութեամբ փչեց, կարծելով թէ հասած են իրենց առաջադրութեան թուլցուցին [խարիսխը] ու նաւարկեցին Կրետէի քովէն։

14 Բայց քիչ ետք, անոր դէմ ելաւ մրրկալից հով մը, որ կը կոչուէր Եւրակիկլոն։

15 Երբ նաւը յափշտակուեցաւ եւ չկրցաւ դիմադրել հովին, թողուցինք որ քշուի։

16 Սուրալով Կղօդա կոչուող փոքր կղզիի մը վարի կողմէն հազիւ կրցանք բռնել մակոյկը։

17 Երբ վերցուցին զայն, օգնութեան [միջոցներ] գործածելով տակէն կապեցին նաւը։ Վախնալով որ իյնան *յորձանուտը՝` իջեցուցին առագաստը, եւ ա՛յդպէս կը քշուէին։

18 Քանի սաստիկ մրրիկի մէջ էինք, յաջորդ օրը դուրս նետեցին բեռները։

19 Իսկ երրորդ օրը մենք մեր ձեռքերով դուրս նետեցինք նաւուն գործիքները։

20 Երբ շատ օրեր ո՛չ արեւ, ո՛չ ալ աստղեր երեւցան, ու սաստիկ մրրիկ կար մեզի դէմ, ա՛լ փրկուելու ամէն յոյս կտրուեցաւ մեզմէ։

21 Քանի որ շատ օրերէ ի վեր անօթի էին, Պօղոս կայնելով անոնց մէջ ըսաւ ՝՝Մարդի՛կ, պէտք էր որ մտիկ ընէիք ինծի ու չնաւարկէիք Կրետէէն, եւ չկրէիք այս վնասն ու կորուստը։

22 Իսկ հիմա կը յորդորեմ ձեզ որ ոգեւորուիք, քանի որ ձեզմէ ո՛չ մէկուն անձը պիտի կորսուի, բայց միայն նաւը։

23 Արդարեւ այս իշեր քովս կայնեցաւ հրեշտակը այն Աստուծոյն, որուն կը պատկանիմ եւ որ կը պաշտեմ՝՝.

24 ու ըսաւ ինծի ՝՝Մի՛ վախնար, Պօղո՛ս դուն պէտք է որ կայսրին ներկայանաս եւ ահա՛ Աստուած շնորհեց քեզի բոլոր անոնք որ կը նաւարկեն քեզի հետ։

25 Ուստի, մարդի՛կ, ոգեւորուեցէ՛ք, որովհետեւ ես կը հաւատամ Աստուծոյ, պիտի ըլլայ այնպէս՝` ինչպէս ըսուեցաւ ինծի։

26 Սակայն պէտք է որ նաւը կղզիի մը առջեւ խրի։

27 Երբ տասնչորրորդ գիշերն էր որ կը տարուբերուէինք Ադրիական ծովուն մէջ, կէս իշերին նաւաստիները ենթադրեցին թէ մօտեցած են ցամաքի մը։

28 Ձգելով խորաչափը գտան քսան գրկաչափ քիչ մը յառաջ երթալով՝` դարձեալ ձգեցին, ու գտան տասնհինգ գրկաչափ։

29 Վախնալով որ գուցէ *զարնուինք խարակներու, ետեւի կողմէն ձգեցին չորս խարիսխ, եւ կ'ըղձային որ առտու ըլլայ։

30 Իսկ նաւաստիները կը ջանային փախչիլ նաւէն, ու ծովը իջեցուցին մակոյկը պատրուակելով թէ առջեւի կողմէն ալ պիտի ձգեն խարիսխներ։

31 Բայց Պօղոս ըսաւ հարիւրապետին ու զինուորներուն ՝՝Եթէ ասոնք չմնան նաւուն մէջ՝դուք չէք կրնար փրկուիլ՝՝։

32 Այն ատեն զինուորները կտրեցին մակոյկին չուանները, եւ թողուցին որ դուրս իյնայ։

33 Մինչ առտուն կը մօտենար, Պօղոս կ'աղաչէր բոլորին որ կերակուր ուտեն՝` ըսելով Այսօր տասնչորս օր է որ դուք սպասելով անօթի մնացած էք, ու ոչինչ կերած էք։

34 Ուստի կ'աղաչեմ ձեզի որ կերակուր ուտէք, որովհետեւ ասիկա՛ ալ ձեր փրկութեան համար է, քանի որ ձեզմէ ո՛չ մէկուն գուխէն մա՛զ մը պիտի իյնայ։

35 Այսպէս խօսելէ ետք հաց առաւ, բոլորին առջեւ շնորհակալ եղաւ Աստուծոյ, ու կտրելով սկսաւ ուտել։

36 Բոլորն ալ ոգեւորուեցան, եւ իրենք ալ կերակուր կերան։

37 Նաւուն մէջ բոլորս երկու հարիւր եօթանասունվեց անձ էինք։

38 Երբ կշտացան կերակուրով, թեթեւցուցին նաւը ծովը թափելով ցորենը։

39 Երբ առտու եղաւ չէին ճանչնար ցամաքը, բայց նշմարելով ծոց մը որ ծովեզերք ունէր, ծրագրեցին նաւը խրել անոր մէջ, եթէ կարելի ըլլար։

40 Ուստի ծովը թողուցին խարիսխները կտրելով [պարանները], թուլցուցին ղեկերուն պարանները, եւ հովին բանալով առագաստը ուղղուեցան դէպի [այդ] ծովեզերքը։

41 Զարնուելով աւազակոյտի մը խրեցին նաւը առջեւի կողմը, մխրճուելով մնաց անշարժ, իսկ ետեւի կողմը կը քակուէր ալիքներուն սաստկութենէն։

42 Զինուորներն ալ ծրագրեցին սպաննել բանտարկեալները, որպէսզի անոնցմէ ո՛չ մէկը լողալով փախչի։

43 Բայց հարիւրապետը, որ կը փափաքէր փրկել Պօղոսը, արգելք եղաւ անոնց ծրագիրին։ Հրամայեց որ լողալ գիտցողնե՛րը նախ [ծով] նետուին ու ցամաք ելլեն

44 իսկ միւսները [հետեւին] ոմանք տախտակներով, եւ ոմանք նաւուն [ուրիշ] կտորներով ։ Այսպէս բոլորը ազատելով ցամաք [հասան]։

________________________________________

28 Անցք մալթայէն

1 Երբ փրկուեցան, իտցան թէ [այդ] կղզիին անունը *Մելիտէ էր։ Բնիկ ժողովուրդը արտասովոր մարդասիրութիւն ցոյց տուաւ մեզի

2 որովհետեւ կրակ վառեցին եւ մեզ բոլորս ալ ընդունեցին՝` եկած անձրեւին ու ցուրտին պատճառով։

3 Երբ Պօղոս առատ խռիւ ժողվեց եւ դրաւ կրակին վրայ, ջերմութենէն իժ մը ելաւ ու կառչեցաւ անոր ձեռքին։

4 Երբ բնիկները տեսան այդ անասունը՝` կախուած անոր ձեռքէն, ըսին իրարու Անշուշտ ասիկա մարդասպան մըն է թէպէտ փրկուեցաւ ծովէն, արդարութիւնը չթոյլատրեց որ ան ապրի։

5 Իսկ ինք թօթուեց անասունը կրակին մէջ, եւ ո՛չ մէկ վնաս կրեց։

6 Անոնք ալ կը սպասէին որ ան ուռի, կամ յանկարծ մեռած իյնայ բայց երբ շատ սպասեցին ու տեսան թէ ո՛չ մէկ անտեղի բան եղաւ անոր, իրենց կարծիքը փոխելով ըսին թէ աստուած մըն է։

7 Այդ տեղին շրջակայքը կը տնուէին աարակները կղզիին լխաւոր մարդուն, որուն անունը Պոպղիոս էր։ Ան ընդունեց մեզ, եւ բարեսրտութեամբ հիւրընկալեց մեզ երեք օր։

8 Պոպղիոսի հայրը կը պառկէր՝` տենդով ու թանչքով հիւանդացած։ Պօղոս մտաւ անոր քով, եւ աղօթելով՝` ձեռքերը դրաւ անոր վրայ ու բժշկեց զայն։

9 Երբ ասիկա պատահեցաւ, ուրիշ հիւանդներ ալ՝` որ [այդ] կղզիին մէջ կը տնուէին՝` եկան եւ բուժուեցան։

10 Ասոնք ալ մեծապէս պատուեցին մեզ, ու երբ կը մեկնէինք՝` հայթայթեցին մեզի պէտք եղած բաները։








All the contents on this site are copyrighted ©.