Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ,
18 Ապրիլ 2010-ին, տեղի կ'ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ ձեռամբ Գարեգին
Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։
Եպիսկոպոսութեան աստիճան կը ստանան, Մայր Աթոռի
Վանորէից տեսուչը՝ Արտակ վրդ. Տիգրանեան, Արագածոտնի թեմի Առաջնորդական տեղապահը՝ Տ
Մկրտիչ վրդ. Պռոշեան եւ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէնը՝
Տ Յովակիմ վրդ. Մանուկեան։
Հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ
Լեհաստանի նախագահին եւ նոյն օդանաւի արկածին զոհերուն։
Ապրիլ 17-ին, Մայր
Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, տեղի կ'ունենայ
Հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ի յիշատակ օդանաւային արկածի հետեւանքով զոհուած Լեհաստանի
նախագահ Լեխ Կաչինսկիին եւ անոր տիկնոջ, Լեհաստանի պետական անձնաւորութիւններու եւ
եկեղեցականներուն ։