2010-04-16 12:50:18

2010-Քահանայական Տարի։ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը՝ Քահանայական Տարւոյն Առթիւ։


 2010-Քահանայական Տարի։ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը՝ Քահանայական Տարւոյն Առթիւ։



Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը, ամենասուրբ Սիրտ Յիսուսի տօնին օրը, Ֆրանսայի Արս գիւղի հռչակաւոր սուրբը՝ Ժան Մարի Վիաննէի մահուան 150ամեակին առիթով, 2010-ը Քահանայական Տարի հռչակեց, ըսելով. Ձեր աղօթքներուն կը յանձնեմ այս նոր հոգեւոր նախաձեռնութիւնը, որ պիտի յաջորդէ սուրբ Պօղոսի Տարիին։ Թո՛ղ այս նոր Յոբելինական Տարին առիթ ըլլայ խորացնելու քահանայական առաքելութեան արժէքն ու կարեւորութիւնը եւ Տիրոջմէ խնդրելու, որ իր Եկեղեցւոյ սուրբ քահանաներ շնորհէ։



Յոբելեանին նպատակը - Քահանայական Յոբելինական Տարին հռչակելով, սրբազան Քահանայապետը փափաքեցաւ ըսել աշխարհի բոլոր քահանաներուն, թէ որքան զիրենք կը սիրէ, որպէսզի ամէն քահանայ ուրախութեամբ ապրի իր քահանայական կոչումը եւ եռանդով կատարէ իրեն յանձնուած առաքելութիւնը։ Գիտենք, որ աշխարհի վրայ ծագած են շատ աղանդներ եւ նոր աստուածամերժ մշակոյթներ եւ թիւր տեսութիւններ, որոնք հսկայական քայլերով կը յառաջանան եւ կը տարածուին ամէն միջավայրի մէջ։ Ասոնք դժուար մարտահրաւէրներ կը հանդիսանան, մանաւանդ քահանաներուն համար իրենց հովուական գործին մէջ։ Եկեղեցւոյ նպատակը չէ աշխարհը դատապարտել, այլ փրկել՝ առաջնորդելով մարդիկը դէպի ուղիղ ճամբան՝ լուրջ փաստարկութիւններով եւ անհատնում համբերութեամբ, եւ մօտեցնելով բոլորը Յիսուսին։

Ոմանք կրնան առարկել, թէ այս հարցերը քահանաներուն կը հային. ուրեմն ինչո՞ւ համար սրբազան Քահանայապետը Յոբելինական Տարին հռչակելով՝ համայն քրիստոնեաներուն կոչ կուղղէ։ Պատասխանը պարզ է։ Նախ եւ առաջ, քրիստոնէական առաքելութիւնը միմիայն քահանային գործը չէ, այլ՝ ամէն ճշմարիտ քրիստոնեայի մտահոգութիւնը դառնալու է։ Բարեբախտաբար այսօր կան բազմաթիւ հոգեւոր շարժումներ, որոնց անդամները մէյ մէկ առաքեալներ դարձած են իրենց շրջանակին մէջ։ Անոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ժողովրդապետական եւ թեմական զանազան գործունէութիւններուն։ Այս աշխարհական առաքեալները սիրայօժար հովիւին կը ծառայեն եւ օգնելու պատրաստակամութիւն ցոյց կու տան, առանց որեւէ ակնկալութեան։

Այս Յոբելեանը կը յանձնարարէ հաւատացեալներուն, որ զօրակցին իրենց հովիւներուն, յատուկէն աղօթեն իրենց համար եւ անոնց գործակից դառնան հովուական գործերուն մէջ, ամէն մէկը իր կարողութեան չափով։ Համայն քրիստոնեայ հասարակութեան կ՝իյնայ քաջալերել քահանայական կոչումները՝ ընտանիքներուն մէջ, դպրոցներուն մէջ եւ մանաւանդ երիտասարդական կազմակերպութիւններուն մօտ, որպէսզի թիւով շատ եւ որակեալ քահանաներ ունենանք Աւետարանի լոյսը սփռելու համար ամէն տեղ ուր կարիք կայ։ Ամէն մարդ իրաւունք ունի ճշմարտութիւնը ճանչնալու եւ գիտնալու, որ ՝՝Աստուած զինք անհունօրէն կը սիրէ՝՝։

Ուստի, Քահանայական Տարին կը հայի բոլոր քրիստոնեաներուն։ Այս իմաստով, սրբազան Պապը կըսէ. Եթէ ընդհանուր Եկեղեցին միսիոնար է, ուստի ամէն քրիստոնեայ, շնորհիւ իր ստացած Մկրտութեան եւ Դրոշմի խորհուրդներուն, հրաւիրուած է հաւատքը հռչակելու։ Առաքելութեան փափաքը կը ծագի վերանորոգուած սրտի մը մէջ, երբ հաւատացեալը աղօթքի, սուրբ Գիրքի ընթերցումի եւ կամ հոգեւոր խորհրդածութեան միջոցով՝ Յիսուսի փրկչական գործին մասնակից դառնալու փափաքը ունենայ, ինչպէս պատահեցաւ Սուրբ Առաքեալներուն, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին եւ իրենցմէ ետք անթիւ ուրիշ քրիստոնեաներուն, մինչեւ մեր օրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.