2010-04-15 14:04:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 15 Ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 7.30ին համապատարագ մատուցեց Ս. Գիրքի յանձնախումբի անդամներուն հետ։

Ապա առաւօտեան ժամը 11-ին Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար ընդունեց

Կարտինալ Իվան Տիազ` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովին

եւ Պրազիլի հիւսիսային շրջանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։



Ապրիլ 17-18 Սրբազան Քահանայապետը երկու օրուայ առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Մալթա կղզին` Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950րդ տարեդարձին առթիւ։

Մալթայի բնակչութեան 95 տոկոսը կաթողիկէ է։ Եկեղեցին ունի երկու թեմ եւ 85 ժողովրդապետութիւններ։ Մալթայի Եկեղեցին ունի 9 եպիսկոպոսներ եւ 853 կուսակրօն քահանաներ եւ կրօնաւորներ, 61 եղբայրներ, 1082 կրօնաւորուհիներ եւ 1231 կրօնուսոյցներ։ Իսկ դպրեվանքերու մէջ կ'ապրին 360 ժառանգաւորներ։ Դաստիարակչական գետնի վրայ Մալթայի եկեղեցին ունի 54 դպրոցներ՝ որոնց կը յաճախեն 9.024 աշակերտներ, 24 ճեմարաններ՝ Ճեմարանականները կը հաշուեն 8.046, կայ նաեւ երկու համալսարաններ, որոնց կը յաճախեն 716 ուսանողներ։ Իսկ բարեսիրական գետնի վրայ Մալթայի եկեղեցին ունի 24 խնամատուներ, 26 որբանոցներ եւ 9 ընտանեկան կեդրոններ։

Մալթան հռոմէական կայսրութեան առաջին քրիստոնեայ հողը հանդիսացաւ։ Ան հաւատարիմ կը մնայ քրիստոնէական իր հաւատքին եւ Եկեղեցին գրաւականը կը մնայ կրօնական ու ազգային աւանդութիւններուն։

ՎԱՏԻԿԱՆԵԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ։
Հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագ Վատիկանի Մէջ։
Կարտինալական դասու Գահերեցը կարտինալ Անճէլօ Սօտանօ այսօր 15 ապրիլ յետ միջօրէին Սուրբ Պետրոսի մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը ի հանգիստ՝ Լեհաստանի նախագահին ու շքախումբին,որոնք զոհ գացին ողբերգական օդանաւային արկածի մը ։ Այս ծիսակատարութիւնը կը դրսեւորէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հոգատարութիւնը ու մօտիկութիւնը Լեհ ժողովուրդի նկատմամբ։

Հանրի Տը Լիւպաքի Մրցանակը։
Հանրի Տը Լիւպաքի անուան մրցանակը այս տարի(2010) շնորհուեցաւ ֆրանսացի կրօնաւորուհի Ալեքսանդրա Տիրիաք-ի ՝՝Եկեղեցւոյ ըմբռնումը որպէս Քրիստոսի մարմին ՝՝ իր թեզի դրդապատճառով։ Մրցանակակիր կրօնաւորուհին ի մասնաւորի կը խօսի ՝՝Քրիստոսի, Սուրբ Հոգւոյ եւ Եկեղեցւոյ անբաժանելիութիւնը որպէս փրկութեան միակ առաքելութիւն՝՝ տեսակէտի մասին ։ Մրցանակը ֆրանսացի կրօնաւորուհիին յանձնեց Կարտինալ Փոլ Փուփառ , Հռոմի ֆրանսական Հիւպատոսարանը կայացած արարողութեան մը ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.