2010-04-15 14:03:54

 Կրօնաբարոյական հարցեր – Աղօթքի Զօրութիւնը - «Սարգիսը Եկաւ»


 Կրօնաբարոյական հարցեր – Աղօթքի Զօրութիւնը - «Սարգիսը Եկաւ»
Աղօթքի ձեւին, բովանդակութեան կամ տեւողութեան մասին միշտ տարբեր կարծիքներ կը լսուին, հակառակ անոր, որ աղօթքը մեր մեծագոյն Ուսուցիչին՝ Յիսուսի աստուածային հեղինակութեամբ տուած բացատրութիւնը տեղ գտած է արդէն Աւետարանի էջերուն մէջ:
Ոմանց անգիտութիւնը Աւետարանի այդ ուղեցոյցին, պատճառ կը հանդիսնայ, որ իրենց գիտցած ձեւով կատարեն աղօթքը, իսկ ուրիշներ, որոնք ծանօթ են Յիսուսի տուած ուղղութեան, տարօրինակ կերպով կը սիրեն իրենց ըմբռնած ձեւով շարունակել աղօթքը, քան՝ հետեւիլ Տիրուսոյց կերպին:
Աղօթքի կարեւորութեան մասին խօսած ատեն, ոմանց համար բնաւ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ այն մանրամասնութիւնները, որոնք կը վերաբերին անոր արտաքին ձեւին, բովանդակութեան կամ տեւողութեան: Այլ՝ անոնց տեսակէտով, կարեւորը՝ աղօթելն է: Աղօթելու վարժութեան մէջ կը տեսնեն անոր իսկական արժէքը, որովհետեւ կը հաւատան, թէ աղօթելու ունակութիւն ունեցող մարդը, անպայման կը հակակշռէ իր արարքները, ու մանաւանդ կը չափէ իր խօսելիքները, կամ ուրիշներու հասցէին արտայայտելիք կարծիքները:
Մարդիկ չեն վարանիր նաեւ քննադատելէ ուրիշներու կատարած աղօթքը: Այսպէս, երբ մէկը ձեռնամած աղօթէ, կամ ծնրադրած իր խնդրանքը մատուցէ Աստուծոյ, երբեմն քննադատութեան առարկայ կը դառնան: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ աղօթքը ինքնին, շատ անհատական գործողութիւն մըն է նաեւ, մարդ-Աստուած յարաբերութեան շատ անձնական մակարդակի վրայ ընթացող: Այդ է պատճառը, որ մէկուն համար շատ բնական թուացող աղօթքի կերպը, ուրիշի մը համար կրնայ աւելորդապաշտութիւն նկատուիլ: Աղօթքը իր կարճ կամ երկար ձեւին մէջ, կամ արտաքին իր այս կամ այն ձեւով, վստահաբար ընդունելի է Աստուծոյ, երբ զԱյն կը դաւանինք իբրեւ գթառատ Հայր, որ պատրաստ է միշտ մեր բարի խնդրանքները լսելու եւ իրականացնելու մեր լաւ փափաքներն ու երազները:
Կը պատմուի, թէ եկեղեցւոյ մը ծուխին կը պատկանէր անուս ծերունի մը, որ հազիւ հայերէն կը խօսէր: Անցնող սերունդին պատկանած ըլլալուն, աւելի տաճկախօս էր ան:
Ողբերգութիւն էր այս ծերունիին՝ Սարգիսի կեանքը, որովհետեւ պայմաններու բերումով որբացած, եւ բնաւ ընտանիք չունեցած անձ մըն էր, ու ամբողջովին մինակ կ՛ապրէր:
Հակառակ մտային խեղճութեան ու չքաւորութեան, Սարգիս սովորութիւն ունէր ամէն օր մտնել իրենց թաղի եկեղեցին, եւ ուխտի ու մոմավառութեան խորանին առջեւ երթալով, Քրիստոսի պատկերին դիմաց կանգնիլ եւ ըսել.
- Սարգիսը եկաւ:
Ա՛յս էր իր աղօթքին բովանդակութիւնը: Ուրիշ նախադասութիւն չունէր ան Աստուծոյ ուղղելու: Բարեպաշտ ծանօթներ, որոնք մօտէն կը ճանչնային զինք, յաճախ մոմավառութեան խորանին քով կանգնած ըլլալով՝ կը լսէին իր սովորական աղօթքը: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ, եկեղեցիէն դուրս, կը բռնէին զինք եւ հաւատքը գովելով հանդերձ, կ՛ուզէին աւելի երկար նախադասութիւն մը սորվեցնել, իբրեւ աղօթքի բովանդակութիւն:
Պատահեցաւ, որ օր մը Սարգիս ճամբայէն հետիոտն անցած պահուն, ինքնաշարժի արկած ունեցաւ: Հարուածը այնքան ուժգին էր, որ ան իսկոյն նուաղեցաւ եւ պատահական անցորդներ հազիւ կրցան զինք հիւանդանոց փոխադրել, ուր երկար ժամանակ խնամուելով՝ ի վերջոյ բուժուեցաւ:
Անտէր մարդ ըլլալուն, ո՛չ ոք հետաքրքրուեցաւ իրմով: Ո՛չ մէկ այցելու մօտեցաւ իրեն, բացի բժիշկէն ու հիւանդապահներէն:
Հակառակ ամբողջ օրը առանձին ըլլալուն, հիւանդապահները կը լսէին, երբ Սարգիս օրական մէկ անգամ «Շնորհակալութիւն այցելութեանդ» կ՛ըսէր, նոյնիսկ երբ իրենք տակաւին չէին մտած իր սենեակը:
Զարմանալով այս երեւոյթին, անոնցմէ մէկը հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ, երբ ո՛չ մէկ այցելու կայ սենեակին մէջ:
Սարգիս ի՛նք կը զարմանայ, որ անոնք չեն նշմարեր իր ամէնօրեայ այցելուն: Հիւանդապահները յաջորդ օրը աւելի ուշադրութեամբ կը հսկեն դուռէն, կարծելով, թէ իրենց զբաղած մէկ պահուն, բարեկամ մը ներս կը մտնէ ու կ՛այցելէ իրեն: Ոչ ոք կը նշմարեն: Սակայն, Սարգիս դարձեալ իր շնորհակալութիւնը կը կրկնէ անծանօթ այցելուին:
Հիւանդապահները այս անգամ վստահ ըլլալով, թէ այցելու մը չէր մտած սենեակ, կը մօտենան Սարգիսին ու կատակով կը հարցնեն.
- Այսօ՞ր ալ այցելու ունեցար:
Սարգիս դարձեալ զարմացած, որ չեն տեսներ այն, որ ներս կը մտնէ սենեակէն ու իրեն հետ կը խօսի, կ՛ըսէ անոնց, թէ Յիսո՛ւս է այդ անձը, որ ամէն առաւօտ կ՛այցելէ իրեն ու կ՛ըսէ.
- Ես եկայ:
Սարգիս իր աղօթքին պատասխանը ստացած էր…:
Ինչքա՜ն շատ է թիւը այն հաւատացեալներուն, որոնք երբեմն ժամեր կը տրամադրեն աղօթքի, այն հաստատ համոզումով, թէ անպայման պիտի ստանան պատասխան մը: Կան նաեւ ոմանք, որոնք երբ տեսնեն, թէ կ՛ուշանայ իրենց աղօթքին պատասխանը, կը յուսահատին ու երես կը դարձնեն Աստուծմէ:Երանելի՜ է ան, որ Աստուծոյ վրայ իր ունեցած հաւատքը չի՛ կորսնցներ, իր աղօթքին երկնային պատասխան սպասած միջոցին: Աստուած գիտէ՛ մեզ դաստիարակելու կերպը, նոյնիսկ աղօթքի պատասխանին ուշացումով: Մեծ հաւատացեալներ իրենց հաւատքը կոփած են աղօթքի յարատեւման ճամբով: Անձանձրոյթ աղօթքը հոգին կը զօրացնէ, ու զայն դիմացկուն կը դարձնէ կեանքի ամէն պատահարներուն դէմ:







All the contents on this site are copyrighted ©.