2010-04-14 13:57:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը:

Չորեքշաբթի 14 Ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Սրբազան Հայրը, այսօր իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Քահանայութեան խորհուրդի նշանակութեան վրայ` խօսելով քահանան այլոմն Քրիստոս, նիւթին մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Կը գտնուինք քահանայական տարւոյն մէջ, ասոր համար այսօրուան ընդհանուր ուկնդրութեան խորհրդածութիւնը կ'ուզեմ կեդրոնացնել Քահանայութեան վսեմութեան վրայ։

Քահանան, Աստուծոյ ժողովուրդին մօտ կը գործէ, որպէս այլ ոմն Քրիստոս։ Հետեւաբար քահանան չի գործեր յանուն բացակայի մը , այլ կը գործէ յանուն Յարուցեալ Քրիստոսի անձին։ Քահանային երեք պաշտօնները. սորվեցնել, սրբացնել եւ կառավարել, իրականութեան մէջ Յարուցեալ Քրիստոսի երեք ներգործութիւններն են Եկեղեցւոյ մէջ։ Սորվեցնելու պարտականութիւնը շատ կարեւոր է։ Ուսուցանող քահանան չի արտայայտեր իր կարծիքը ու կամքը, այլ՝ մարդոց կը մատնանշէ Աստուծոյ իրականութիւնը ու ներկայութիւնը, որ կը ներգործէ աշխարհի մէջ։ Ան կը յայտնէ այն ինչ որ Աստուած ըսաւ ՜՜Ինքնիր՝՝ մասին, այն ինչ որ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը ու վարդապետութիւնը կ'ուսուցանէ երկու հազար տարիներէ ասդին։ Քահանան կանչուած է նախ իւրացնելու Քրիստոսի ուսուցումը եւ ապա զայն ապրելու, ընթանալով՝ հոգեւոր կեանքին մէջ։ Քահանան ուստի հաւատքի մարդ է, կ'ընդունի Աստուծոյ խօսքը, կ'աշխատի գործադրել զայն եւ ուսուցանել այնպէս ինչպէս Եկեղեցին կը սորվեցնէ։ Հետեւաբար ան կը մնայ համեստ ուսուցիչ մը եւ համոզուած՝ հաղորդելու Ճշմարտութիւնը որ ճանչցաւ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակելով, Տէրը քահանաներու տուաւ իշխանութիւնը աւետելու իր խօսքը, ՜՜ճշմարտութեան խօսքը որ կը փրկէ՝՝։ Թող սուրբ Ժան Վիաննէի՝ Արսի ժողովրդապետի պարզութիւնն ու հաւատարմութիւնը Աստուծոյ Խօսքին, ըլլայ օրինակ բոլոր քահանաներուն։

Ապա Նորին Սրբութիւնը զանազան բառբարներով ողջունեց ներկաները իւրաքանչիւր խումբին քաջաքելական խօսք մը ուղղելով, ''Զատկական այս շրջանին կը հրաւիրեմ ամէնքդ աղօթելու ձեր քահանաներուն համար եւ անոնց հետ աշխատեցէք Աստուծոյ Աւետարանը ճանչցնելու՝՝ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, հրաւիրելով զանոնք Քրիստոսի Փառաւոր Յարութենէն վերանորոգուած՝ բարի վկայութիւն տալու իրենց քրիստոնէական հաւատքին ՜՜թէ խօսքով եւ թէ բարի օրինակով՝՝։

Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը , ըսաւ Սրբազան Հայրը, օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու։

Եւ նախաքան իր առաքելական օրհնութիւնը , Սրբազան Քահանայապետը հայրական խօսք մը ուղղեց Չինաստանի երկրաշարժի աղէտեալներուն. ՜՜զօրաւոր երկրաշարժը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, աղիտալի եղաւ եւ պատճառեց շատ մահեր, վիրաւորներ եւ նիւթական մեծ վնասներ։ Կ'աղօթեմ զոհերուն եւ ինքզինքս մօտ կը զգամ բոլոր աղէտեալներուն, Բարձեալէն կը հայցեմ որ ամոքէ վիրաւորներու ցաւերը եւ սփոփէ մեռեալներու ընտանեկան պարագաները եւ բոլորին տայ քաջութիւն արիաբար դիմագրաւելու վնասները։ Աղօթքս է որ անպակաս ըլլայ համաշխարհային զօրակցութիւնը՝՝։

All the contents on this site are copyrighted ©.