2010-04-14 13:57:31

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հանրակառքեր Տրամադրուած Են Հիւպատոսարանին Առջեւ Ապրիլ 24ի Ցոյցին

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸU- Հայկական Ցեղասպանութեան պահանջատիրական պայքարին մէկ մասնիկը հանդիսացող Լոս Անճելըսի մօտ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ, ամէն տարի Ապրիլ 24ի կայացող բողոքի ցոյցը, այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ:

Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ ամեակին նուիրուած ցոյցը տեղի կ՛ունենայ այն օրերուն, երբ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կը շարունակէ զբաղեցնել զանազան երկիրներու եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ մայրաքաղաքները:

Այս պատճառով, ցոյցին ընթացքին ոչ միայն Ցեղասպանութիւնը պիտի դատապարտուի, այլ պիտի դատապարտուի նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու միտող Թուրքիոյ իշխանութեանց աշխատանքները, որոնց օրինակներէն մէկն է Քոնկրեսին ներկայացուած բանաձեւը ձախողութեան մատնելու նպատակով ամերիկեան իշխանութեանց վրայ բանեցուող ճնշումը:

Բողոքի ցոյցին աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ ապահովելու համար տրամադրելի պիտի ըլլան զանազան շրջաններէ ցուցարարներ՝ հիւպատոսարան փոխադրող եւ անոնց վերադարձը ապահովող հանրակառքեր:



«Փարաճանով-Վարդանով» Մրցանակներու Յանձնում

Արուեստագէտներու կեանքին մէջ անոնց կողակիցներուն ներդրումը արժեւորելու նպատակով հաստատուած «Փարաճանով-Վարդանով» մրցանակներու տարեկան առաջին մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 18ին, Պեւըրլի Հիլզի շարժապատկերի փառատօնին ճաշկերոյթի ձեռնարկին ընթացքին:

Այս տարուան մրցանակակիրներն են հայ ազդեցիկ բեմադրիչներ Սերգէյ Փարաճանովի (1924-1990) եւ Միխայէլ Վարդանովի (1937-2009) այրիները՝ ուքրանուհի Սւեթլանա Շերպաթիուք եւ Սւեթլանա Մանուչարեան, որոնք յատկանշական ներդրում ունեցած են իրենց կողակիցներուն արտադրութեանց մէջ: Այս տարի մրցանակ պիտի ստանայ նաեւ Պեւըրլի Հիլզի շարժապատկերի փառատօնի հիմնադիր Նինօ Սիմոնը:

Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ Վարդանովի «Փարաճանով. Վերջին գարունը» գործին ցուցադրութիւնը: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ դասակարգ երաժշտութեան կարճ համերգ մը ու լուսանկարներու ցուցադրութիւն:



«Մկրտիչեան» Հիմնարկը 50,000 Տոլար Կը Նուիրէ Հայ Կանանց Միջազգային Միութեան

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ կանանց միջազգային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Ճան եւ Յասմիկ Մկրտիչեան հիմնարկէն 50,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը ստացած է, Ճեզմըն Մկրտիչեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամ մը ստեղծելու նպատակով: Ի դէպ, հանգուցեալ Ճեզմըն Մկրտիչեանի ջանքերով ստեղծուած էր Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը:



Կոմիտասի Անուան Պետական Երաժշտանոցին Վարիչը Լոս Անճելըսի Մէջ

Անցեալ Հոկտեմբերին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Թորնթըն» երաժշտանոցին ու Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին միջեւ գոյացած կրթական փոխանակման համաձայնագրին իբրեւ առաջին արդիւնք, Լոս Անճելըս կը գտնուի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի վարիչը՝ դոկտ. Սերգէյ Սարաճեանը, որ համալսարանի ուսանողներուն եւ երաժշտանոցին յատուկ ձեռնարկներուն կողքին, համայնքին համար կազմակերպուած ձեռնարկներու եւս պիտի մասնակցի: Անոնցմէ առաջինն է Հինգշաբթի, Ապրիլ 15ին, կազմակերպուած դասախօսութիւն-դաշնակի համերգը:








All the contents on this site are copyrighted ©.