2010-04-14 13:57:45

Գոյժ՝ Արհիապատիւ Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի


Լիբանան - Ամենապատիւ Տէր Ներսէս- Պետրոս ԺԹ.Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Զմմառու Պատրիարքական Արծիւեան միաբանութիւնը եւ Պետողլեան ընտանիքը կը գուժեն Անդրէաս Եպս. Պետողլեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 12 ապրիլ 2010-ին առաւօտեան, Սեն Ժորժ հիւանդանոցին մէջ, Աժալթուն: Ողբացեալը նախկին ընդհանուր փոխանորդն էր Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին։

Անդրէաս եպ. Պետողլեան ծնած է Զահլէ(Լիբանան) 2 փետրուար 1920ին։ Երկրորդական ուսումները կատարելէ ետք Զահլէ եւ Զմմառ , կը ղրկուի Հռոմի Լեւոնեան վարժարանը։ Իմաստասիրութեան ու աստուածաբանութեան ուսումներու աւարտին` կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 25 դեկտեմբեր 1945ին։

Ան յաջորդաբար պաշտօնավարած է Պէյրութ, ապա Զահլէ 1948էն 1954, Քեսապ` 1954-1957, Զմմառ 1957-1969 որպէս ընդհանուր մատակարար եւ ժողովրդապետ Ճիւնիի, ապա անցած է Պէյրութ, ուր վարած է Ս. Գրիգոր Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը եւ 19 սեպտեմբեր 1971ին եպիսկոպոս օծուած է ձեռամբ երջանկայիշատակ Ինքնատիոս Պետրոս ԺԶ Պաթանեան կաթողիկոս պատրիարքին։ Նոյն թուականէն սկսեալ Գերապայծառ Անդրէաս Պետողլան եղած է օգնական եպիսկոպոս հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան։ Նոյնպէս ժամանակաւոր կերպով եղած է առաջնորդը Հալէպի եւ Բարձր Ճեզիրէի հայ կաթողիկէ թեմերուն։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 14 ապրիլ 2010-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ վախճանեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Զմմառու մայրավանքը, եւ պիտի ամփոփուի միաբանական դամբարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.