2010-04-14 13:02:29

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԶՕՐԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ։
Վաղը` ապրիլ 15 ՝՝Օր Ոստիկանութեան՝՝ արարողութիւններ նախատեսուած են Երեւանի մէջ ։Ապրիլ 15-ին, ժամը 10.30-ին նախատեսուած է Ծաղկեպսակի դրման արարողութիւն «Յաղթանակ» զբոսայգիի Յատուկ նշանակութեան ջոկատներու մարտիկներու Յուշարձանին:Որմէ յետոյ ժամը 15-ին տեղի կ՝ունենայ հանդիսաւոր նիստ ՀՀ. Ոստիկանութեան Մշակույթի Կեդրոնը : Իսկ ապրիլ16-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին նախատեսուած է Ծաղկեպսակի զետեղման արարողութիւն ՀՀ. Ոստիկանութեան վարչական շենքի մօտ` «Իրաւակարգի Զինուորի » և ՝՝Արամ Մանուկեանի՝՝ Յուշարձաններուն: Իսկ ժամը 18.00-ին տեղի կ՝ունենայ տօնական համերգ Ա. Սպենդիարեանի անուան օբերայի և պալեթի Ազգային Ակադեմական Թատրոնը :
ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՉ Կ՝ՈՒՂՂԷ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ։
Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի նախագահներ Պարաք Օպամայի եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ հանդիպումէն ետք Սպիտակ Տունը յայտարարութիւն մը հրապարակած է եւ նախագահ Սարգսեանը գովաբանած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին առնչութեամբ ձեռնարկած ջանքերուն համար։ Սոյն յայտարարութեամբ նախագահ Սարգսեանին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին կոչ կ՝ուղղուի շարունակելու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը, եւ բոլոր ջանքերը գործադրելու, կողմերուն միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները խորհրդարաններուն մէջ վաւերացնելու ուղղութեամբ։

ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ԱՊԱ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏԵՐՈՒՆ։
13 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքը ժամանեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան։ Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Ազգային ժողովի նախագահը պաշտօնական այցելութեամբ գնաց Անթիլիաս, ուր Արամ Ա. Կաթողիկոսի երկրէն բացակայութեան պատճառով, ընդունուեցաւ վեհափառի ներկայացուցիչ միաբան հայրերուն կողմէ։ Պետական հիւրը նախ ծաղկեպսակի զետեղում կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կառուցուած աշխարհի առաջին Յուշակոթողին՝ Անթիլիասի Մատրան դիմաց, եւ յարգանքի տուրք ընծայեց մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն։ Ապա, միաբան հայրերու առաջնորդութեամբ ծանօթացաւ կաթողիկոսարանի զանազան բաժիններուն՝ բացատրութիւն ստանալով մայրավանքին մէջ կատարուող ծաւալուն աշխատանքին մասին։ Միշտ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան ուղեկցութեամբ այցելեց նաեւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հայ կաթողիկէ համայնքի Պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի հետ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ՝ համայնքի կեդրոնին մէջ։
ՈՒԺԳԻՆ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ։ Այսօր ուժգին երկրաշարժ մը հիմնայատակ ըրած է Չինաստանի Գինկհաի մարզը,պատճառելով աւելի քան 400 մեռեալներ, երկրաշարժի կեդրոնատեղիին մօտ գտնուող Ժիէկու գիւղաքաղաքի բնակարաններու հարիւրէն 85ը փուլ եկած է։ Երկու տարի առաջ Չինաստանի Սիչուան մարզին մէջ երկրաշարժը պատճառ եղած էր 87հազար հոգիի մահուան։







All the contents on this site are copyrighted ©.