2010-04-13 13:51:54

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը, Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած՝ լրագրողներուն կը ներկայացնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Մալթա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը, Ապրիլ 17-18, Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950րդ տարեդարձին առթիւ։


Առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսէ Նորին Սրբութեան աւելի քան 24 ժամ կեցութիւն Մալթայի մէջ։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Մալթա ապրիլ 17-18։ Այս Առաքելական ճամբորդութեան նպատակն է Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950-րդ տարեդարձը Մալթա կղզեխումբին մէջ, կը հաղորդագրէ Մալթայի արքեպիսկոպոսական թեմը։

Քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ տեսսակցութիւն ունենալէ ետք, Շաբաթ 17 Ապրիլին , Նորին Սրբութիւնը պիտի այցելէ Պօղոս առաքեալի քարայրը Ռապաթի մէջ։

Կիրակի 18 Ապրիլին, առաւօտուն, Նորին Սրբութիւնը բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցէ ֆլորիանա քաղաքը, իսկ յետմիջօրէին Լա վալեթթայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ երիտասարդութեան հետ եւ որուն աւարտին` Հռոմ կը վերադառնայ։

Մալթայի այցելութիւնը, կը հանդիսանայ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին 14-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը։

Շաբաթ 17 Ապրիլին ժամը 15.25ին Նորին Սրբութիւնը իտալական օդանաւով կը մեկնի Մալթա։ Մէկ ու կէս ժամ տեւող թռիչքէն ետք, Սրբազան Հայրը ժամը 17ին իր առաջին ճառը կ՝արտասանէ ՜՜Մալթայի՝՝ հողին վրայ։ Ապա այցելութիւն կը կատարէ հանրապետութեան նախագահին։ Ժամը 19.45ին Նորին Սրբութիւնը կ՝այցելէ Ս. Պօղոսի Ռապաթ քարայրը։ Պահ մը աղօթելէ ետք այնտեղ Նորին Սրբութիւնը ճառ մը կ՝արտասանէ։

Կիրակի 18 Ապրիլը, իր քահանայապետ ընտրութեան 5-րդ տարեդարձի նախօրեակը, Նորին Սրբութիւնը ֆլորիանա քաղաքին մէջ բացօդեայ պատարագ կը մատուցէ։ Նշենք թէ ֆլորիանա քաղաքը նկատուած է Սուրբ Փուլիուսի քաղաքը, որ գործ Առաքելոց գիրքին համաձայն, հիւրընկալած էր Պօղոս առաքեալը նաւաբեկութենէն ետք, ու անոր հետ բարեկամութիւն հաստատած էր։

Կիրակի կէսօրին Սրբազան Հայրը կիրակնօրեայ Ողջ լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը կ՝արտասանէ։

Միշտ կիրակի օրը, Նորին Սրբութիւնը առաքելական դեսպանատան մէջ կը ճաշէ Մալթայի եպիսկոպոսներու հետ։ Ժամը 16.45ին նաւով շրջապտոյտ կը կատարէ Քալքարայէն դէպի Լա Վալեթի մեծ նաւահանգիստը, ուր հանդիպում կ՝ունենայ կղզիի երիտասարդութեան հետ եւ այս հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Հայրը երիտասարդներուն ճառ մը կ՝ ուղղէ։

Ողջերթի արարողութիւնը նախատեսուած է ժամը 18.40ին, Լուքա օդակայանին մէջ։

Ժամը 19.10ին Նորին Սրբութիւնը կը մեկնի Մալթայէն դէպի Հռոմի Չամբինօ օդակայանը։

Յայտնենք թէ Մալթան Եւրոպական միութեան ամենափոքր պետութիւնն է, ան կամուրջ մը կը հանդիսանայ Եւրոպայի ու Ափրիկէի միջեւ։ Մալթայի բնակչութեան 98 տոկոսը կաթողիկէ է, իսկ 2 տոկոսը օրթոտոքս կամ մահմետական ։





























 







All the contents on this site are copyrighted ©.