2010-04-13 13:51:43

ՊԵնետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ապրիլ 12-29 Նորին Սրբութիւնը կ'ընդունի Պրազիլի, Կամբիայի, Սիերա Լէոնէի եւ Լիպերիայի եպիսկոպոսները` հնգամեայ կանոնական այցելութիւն։

Արդարեւ, Պրազիլի հիւսիսային շրջանի եպիսկոպոսները ապրիլ 12-17 հնգամեայ իրենց կանոնական այցելութիւնը կը կատարեն Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Պրազիլի եպիսկոպոսներու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը սկսած էր մէկ Սեպտեմբեր 2009ին եւ կ'երկարի մինչեւ 20 սեպտեմբեր 2010։ Պրազիլի եկեղեցին ունի 272 եկեղեցական գաւառներ։ Եպիսկոպոսական դասը բաժնուած է 13 խումբերու։ Անոնք յաջորդաբար հանդիպում կ'ունենան Սրբազան Քահանայապետին եւ Վատիկանի պետական քարտուղարութեան հետ։ Պրազիլը կը հաշուէ շուրջ 155 միլիոն կաթողիկէ հաւատացեալ։

Գալով Կամբիայի, Սիերա Լէոնէի եւ Լիպերիայի եպիսկոպոսներուն, անոնք իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կը կատարեն ապրիլ 26-29։








All the contents on this site are copyrighted ©.