2010-04-13 13:53:24

Լուրեր հայկական կեանքէն


Դասախօսական հանդիպում ՜՜Հայ ժողովուրդի ծագումը՝՝ նիւթին մասին

ըստ ակադեմիկոս՝ Սուրէն Երեմեանի։

Հռոմի ՜՜Մալոյեան՝՝ մշակութային կեդրոնին մէջ, Ուրբաթ 26 Մարտ 2010-ին նախաձեռնութեամբ՝ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի ՜՜Զարթօնք՝՝ Կանանց մշակոյթի յանձնախումբին՝ տեղի ունեցաւ դասախօսական հանդիպում մը ՝ ՜՜Հայ Ժողովուրդի ծագման պատմական միջավայրը՝՝ նիւթին մասին, որուն ներկայ էին մեծ թիւով հայեր եւ իտալացի բարեկամներ։

Հանդիպումին ներկաները ողջունեց, Տիկ. Կարինէ Մկրտիչեան հայերէնի դասատու Մալոյեան Կեդրոնին մէջ եւ անդամ Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդին, որ նաեւ ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Տիկ. Տիանա Քէօրօղլեանը։

Մինչ սահիկները ցոյց կու տային պատկերները՝ Հայկական աշխարհագրա-պատմական նիւթերու մասին. Տիանա Քէօրօղլեան եւ Կարինէ Մկրտիչեան ներկայացուցին ՜՜Հայ ժողովուրդի ծագումին ու հարուստ մշակոյթին ՝՝ մասին հետաքրքրական գիտելիքներ։

Հիմնուելով Հայազգի մեծ ակադեմիկոս Սուրէն Երեմեանի աշխատութիւններուն Տիանա եւ Կարինէ խօսեցան ՜՜Հայկեան շրջանի ՝՝ մասին. նշելով որ 2008-ին տօնուեցաւ 4500 ամեակը հայ ժողովուրդին որոնք բնակած էին Արարատի ստորոտը։

Հայերս՝ Հայկի որդիներն ու Նոյ Նահապետին ծոռերը, հպարտ ենք մեր հանճարեղ նախնիներու պատմութեամբ ու մշակոյթով։

Դասախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, որուն ընթացքին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու դասախօսներուն։



Հայ առաքելական ՜՜Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան՝՝ կիրակնօրեայ դպրոց-Լիբանան։
Հայ մանուկին ու պատանիին քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու նուիրական գործին լծուած Հայ եկեղեցւոյ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներուն համար կիրակի, 11 ապրիլ 2010-ն տօնական օր էր։ Այդ օր Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան յիշատակումի ճամբով աշակերտներուն բացատրուեցաւ տօնին իսկական խորհուրդը։
Այս իմաստով Պուրճ Համուտի Հայ առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան կիրակնօրեայ դպրոցի տեսչութիւնը եւ ուսուցչաց կազմը կազմակերպեց աշակերտներուն եւ ծնողներուն յատուկ Ս Զատկուան տօնակատարութիւն։ Կիրակնօրեայի տեսուչը շնորհաւորեց բոլորը Ս Յարութեան տօնին առիթով՝ մաղթելով, որ այս տօնը կերպարանափոխէ բոլորին կեանքը։
Ապա Բարեւ փոքրիկներ խմբակը, որ կազմուած էր 7 հոգիէ, ներկայացուց Ս Զատկուան տօնին յատուկ ուրախ յայտագիր մը։ Անոնք երգերով ու խաղերով խանդավառեցին աշակերտները։ Աւարտին համանուն կիրակնօրեայի տեսուչը Ս Զատկուան խորհրդանիշը եղող կարմիր հաւկիթին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց բոլորին՝ նշելով, որ հաւկիթին կեղեւը կը ներկայացնէ Քրիստոսի գերեզմանը, իսկ ճերմկուցը՝ կեանքը, աւելցնելով, որ Քրիստոս իր յարութեամբ մեզի նոր կեանք տուաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.