2010-04-13 13:32:19

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ ԱՅՑԸ ԼԻԲԱՆԱՆ ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ կէսօրին այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր Միշել Սլէյմանի հետ։ Յ. Աբրահամեան յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այս այցելութեան նպատակն էր խորհրդարանական գործունէութեան առումով գործակցութիւն ստեղծել երկու երկիրներուն միջեւ։ Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լիբանանին, որ հիւրընկալած է անցեալ դարասկիզբին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողները՝ աւելցնելով, որ միջազգային շրջանակներուն մէջ Հայաստան կը զօրակցի Լիբանանին եւ կ՝օժանդակէ անոր։ Յովիկ Աբրահամեան այցելեց նաեւ Վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ։ Նախքան Սաատ Հարիրիի հետ իր հանդիպումը, Յ. Աբրահամեան այցելեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը, ուր զետեղեց ծաղկեպսակ մը։ Աբրահամեան Լիբանան իր կեցութեան ընթացքին լիբանանցի իր պաշտօնակիցին՝ Նեպիհ Պըրրիին շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի խորհրդարանը 2000-ին արդէն իսկ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ան աւելցուց, որ Թուրքիա ներկայիս կը ձգձգէ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններուն վաւերացումը՝ փորձելով զայն կապել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետ, մինչդեռ երկու հարցերը ոչ մէկ կապ ունին իրարու հետ։

ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՎԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ։

Երէկ, Հռոմի ժամով՝ ժամը15։30-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը, որուն մասնակցեցան նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ահմեթ Տաւութօղլուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահի անձնակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեանը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն։ Հանդիպումը տեւեց 1.15 ժամ։ Հայաստանի նախագահն ու Թուրքիոյ վարչապետը հանդիպումին վերաբերեալ լրագրողներուն որեւէ մեկնաբանութիւն չկատարեցին։ Էրտողան ընդամէնը նշեց, որ վեհաժողովի ծիրին մէջ իր ելոյթին ընթացքին պիտի անդրադառնայ հանդիպման արդիւնքներուն։ Նախագահ Սարգսեան, Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք այցելեց Ուաշինկթընի Ազգային Տաճար եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի շիրիմին։ Այնտեղ ան հանդիպեցաւ ամերիկահայերուն հետ, եւ Ուիլսընի շիրիմին առջեւ խօսք մը արտասանելով ըսաւ.
՝՝Ամերիկահայութիւնը, յատկապէս վերջին տասնամեակներուն, դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտման գործի ամէնէն եռանդուն ու ամէնէն հետեւողական օղակներէն մէկը, եւ համոզուած եմ, ասկէ ետք ե՛ւս պիտի ջանայ բազմապատկուած ճիգերով։ Ոչ ոք կրնայ կասեցնել անխուսափելին։
Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրման նախօրէին ոմանք մտավախութիւն ունէին, թէ այդ միջոցով պիտի դանդաղին կամ ժամանակաւորապէս պիտի սառեցուին Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած միջազային քայլերը։ Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ այդ մտավախութիւնները անհիմն են եւ անհիմն պիտի ըլլան, այնքան ատեն որ մենք բոլորս պատրաստ ենք առաւել ջանքերու, պատրաստ ենք նոր պայքարի։ Այո՛, մենք պատրաստ ենք եւ կը փափաքինք բնականոն յարաբերութիւններ ունենալ մեր բոլոր դրացիներուն հետ, սակայն մենք չենք հանդուրժեր, որ պայմաններ թելադրուին մեզի։ Այս առաւօտ ես հանդիպում ունեցայ Թուրքիոյ վարչապետին հետ։ Մեր դիրքորոշումը եղած է եւ կը մնայ շատ յստակ. Թուրքիան չի կրնար նախապայմաններու լեզուով խօսիլ Հայաստանի եւ Հայութեան հետ։ Իսկ ՍԱՐԳՍԵԱՆ- ՕՊԱՄԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄը Հռոմի ժամով՝ ժամը 19.30-ին սկիզբ առաւ. Սարգսեանի եւ Օպամայի միջեւ հանդիպումը, տեւեց 45 վայրկեան։
ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾ ԱՒԱՆԴ ՈՒՆԵՑԱԾ ԱՆՁԵՐՈՒ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 ապրիլին հրամանագիր մը ստորագրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակելի աւանդ ունեցած անձերուն մրցանակ շնորհելու մասին։ Նախագահի հրամանագիրով 2009 թուականի մրցանակ շնորհուած է Ուիլիըմ Շապասին (Իրլանտա)՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Գիտական հիմնաւորման եւ անոր ժխտման հակազդելու նախաձեռնութիւններուն համար եւ Սարգիս Շահինեանին (Զուիցերիա)՝ Զուիցերիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին նախաձեռնելու եւ անոր ժխտումը քրէօրէն հետապնդելի դարձնելու գործին մէջ ունեցած աւանդին համար։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.