2010-04-12 13:10:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Կիպրոս , Ի Պատրաստութիւն Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսին։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Կիպրոս Յունիս 4-6 , Ի Պատրաստութիւն Միջին Արեւելքի Սիւնոդոսին։

Յառաջիկայ Յունիս ամսոյն ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը առաքելական 16-րդ ճամբորդութիւնը կը կատարէ Կիպրոս, Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներուն յանձնելու համար ՜՜Միջին Արեւելքի Առաջին սիւնոդոսի աշխատանքի թղթածրարը՝՝։ Սիւնոդոսը կը գումարուի Հռոմ, Հոկտեմբեր 10-24։

Իր այս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ օրթոտոքս եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս նաեւ կղզիի կաթողիկէ համայնքին հետ։ Յայտնենք թէ ասիկա առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը այցելութիւն կը կատարէ այս կղզիին։

Նորին Սրբութեան առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը կը նախատեսուի այսպէս. Ուրբաթ 4 Յունիս 2010-ի առաւօտեան քահանայապետական օդանաւը Կիպրոս կ'ուղղուի։ Երեք ու կէս ժամ թռիչքէն ետք, Սրբազան Հօր սաւառնակը ( ժամը 14ին) կղզիի արեւմտեան մասը վայրէջք կը կատարէ ուր եւ տեղի կ՝ունենայ բարի գալուստի արարողութիւն որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը կ'ուղղուի Փաֆոսի եկեղեցին ուր կը գլխաւորէ համամիութենական աղօթքը։

Շաբաթ 5 Յունիսին, առաւօտուն, Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կը կատարէ կղզիի հանրապետութեան նախագահին եւ հանդիպում կ'ունենայ երկրի քաղաքական իշխանութիւններու ու դիւանագիտական մարմնի հետ։

Նշենք թէ Կիպրոսի նախագահը 27 մարտ 2009ին այցելութիւն կատարած էր Սրբազան Քահանայապետին ու պաշտօնական հրաւէր ուղղած էր անոր Կիպրոսը այցելելու։

Համամիութենական հանդիպում – Նորին Սրբութիւնը Նիկոսիայի Ս. Մարոնի անուան, դպրոցին մէջ հանդիպում կ'ունենայ կաթողիկէ համայնքին հետ ապա կէսօրին այցելութիւն կը կատարէ Կիպրոսի յոյն օրթոտոքս եպիսկոպոսապետ Քրիսոստոմոս Բ-ին ։ Իսկ յետմիջօրէին Նորին սրբութիւնը լատիններու Ս. խաչ եկեղեցւոյ մէջ, կը գլխաւորէ սուրբ պատարագը որուն կը մասնակցին կղզիի կղերը, կրօնաւորուհիներն ու կրօնուսոյցները։

Կիրակի 6 Յունիսին Նորին Սրբութիւնը պատարագ կը մատուցէ Նիկոսիայի մարզական կեդրոնը եւ որուն ընթացքին սիւնոդոսի թղթածրարը կը յանձնէ սիւնոդոսական հայրերուն, եւ ծիսակատարութեան աւարտին կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը կ'արտասանէ։ Ապա կ'ուղղուի առաքելական նուիրատունը ուր Միջին Արեւելքի պատրիարքներուն ու սիւնոդոսի եպիսկոպոսական խորհուրդին հետ կը ճաշէ, մասնակցութեամբ յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետ՝ Քրիսոստոմոս Բ-ի ։

Ժամը 16ին Նորին Սրբութիւնը կ'այցելէ մարոնիներու եկեղեցին եւ որմէ ետք կ՝ուղղուի օդակայան , ուր ողջերթի արարողութենէն ետք, Հռոմ կը մեկնի։

Նշենք թէ Կիպրոսը 1974-էն ասդին երկու մասի բաժնուած է յունական եւ թրքական։ Երկու համայնքները կանաչ գիծով բաժնուած են։ Յունական բաժինը մաս կը կազմէ եւրոմիութեան եւ որուն բնակչութեան 95 տոկոսը օրթոտոքս է։ Իսկ թրքական բաժինը մահմետական է։ ՜՜Սուրբ Էճիտիոսի հասարակութիւնը՝՝ իր միջկրօնական հանդիպումը կազմակերպած էր 2008-ին նոյեմբերին, իսկ յառաջիկայ Հոկտեմբերին կղզիի մէջ կը գումարուի կաթողիկէ օրթոտոքս համամիութենական աստուածաբանական խառն յանձնախումբի ժողովը։


Համաձայնութիւն Ընդ Մէջ՝Սուրբ Աթոռի եւ Պոսնիա- էրզեկովինայի,Զինեալ Ուժերու Կաթողիկէ Անդամներու Հոգեւոր Հայրերու Մասին։



Համաձայնութիւնը ստորագրուեցաւ 8 Ապրիլին, Սարայէվոյի Բանակի Կեդրոնը,հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին, Սուրբ Աթոռի կոյմէ այս համաձայնութիւնը ստորագրեց Գերապայծառ Ալէսսանտրօ Տէրրիքօ՝ Սարայէվոյի Առաքելական Նուիրակը,իսկ Պոսնիա -Հերզէկոյինայի կողմէ ստորագրեց Երկրի Պաշտպանութեան Նախարարը Սելմօ Չիքոթիչ։ Համաձայնութիւնը կարեւոր նոր հանգրուան մըն է Սուրբ Աթոռի եւ Պոսնիա-Հերզեկովինայի յարաբերութիւններու մէջ,որովհետեւ առաջին եւ նշանակալից կիրարկումն է այն համաձայնութեան որ ստորագրուեցաւ 2006ի 19 ապրիլին (միշտ Սարայէվոյի մէջ)որ կը սահմանէր ի մէջ այլոց նաեւ կաթիողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութեան ու գործունէութեան իրաւական շրջագիծը ։ Այս նոր համաձայնութիւնը կը ճանչնայ ու կ՝երաշխաւորէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրաւունքը ունենալու Հոգեւոր Հայրեր Բանակի կաթողիկէ անդամներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.