2010-04-11 16:29:34

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Յիսուսի Յարութեան 8-րդ օրն է, որ նաեւ կը կոչուի Նոր կիրակի։ իմ նախորդս Յովհաննէս Պօղոս Բ այս օրը նուիրեց Աստուածային ողորմութեան սրբուհի ֆաուսդինայի սրբադասման առթիւ ոտ տեղի ունեցաւ 30 ապրիլ 2000 տարին։ Յովաննէսի Աւետարանը հարուստ է աստուծային բարութեան ու ողորմութեան մասին։Նորին Սրբութիւնը ներկաններէն խնդրեց որ Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցեն որ հովուէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։
Ողջլեր թագուհի մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը վերակոչեց Լեհաստանի նախագահական օդանաւին ողբերգական արկածը, որուն հետեւանով վախճանեցան երկրի նախագահը ու անոր կողակիցը բանակին մատրանապետը եւ պետական զանազան անձնաւորութիւններ։ Իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնելով լեհ ժողովուրդին, ըսաւ Սրբազան հայրը աղօթքս կը բարձարացնեմ Ամենակալին որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի զոհերը ու սփոփէ անոնց պարաքաները։
Նոյնպէս Նորին սրբութիւնը յիշեցուց թէ շաբաթ օրը , Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ցուցադրուեցաւ սուրբ պատանքը։ Այս ցուցադրութեան առթիւ Մայիս 2ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Թորինօ քաղաքը։
Սուրբ պատանքի ցուցադրութեան առթիւ թեմի առաջնորդը` կարտինալ Փոլեթթօ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցէ երեկոյեան ժամը 6ին շրջապատուած թեմի կղերով։ Պատարագի մասնակցող հաատացեալներուն կարելիութիւն կ'ընծայուի մօտէն դիտելու սուրբ պատանքը։
Արդարեւ ապրիլ 10-մայիս 23 կարելիութիւն կը տրուի աշխարհի բոլոր ուխտաւորներուն տեսնելու հանրութեան դրուած Սուրբ պատանքը` ՜՜աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր մասունքը՝՝։Կը նախատեսուի այցելութիւնը 1,5էն երկու միլիոն այցելուներու։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, այժմ մեր աղօթքը բարձրացնենք ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, կոչելով զայն երկինքի Թագուհի, թող օգնէ մեզի լիովին ընդունելու զատկական խորհուրդը եւ դառնալու քաջ եւ ուրախ պատգամաբերները Քրիստոսի յարութեան։

Իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Հօր տուած օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.