2010-04-10 13:34:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 2010ին հովուական այցելութիւն կը կատարէ Չիլի։

Վատիկանի Պետական քարտուղարը` կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ, որ ներկայիս Չիլի կը գտնուի մասնակցելու՝ նշեալ հանրապետութեան հաստատման երկրորդ դարադարձի հանդիսութիւններուն, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է թէ Սրբազան Քահանայապետը կը մաղթէ Չիլի այցելել 2010-ին, բնականաբար եթէ անոր առողջութիւնը ներէ։ Նշենք թէ Չիլիի կառավարութիւնը բաղձանք յայտնած էր տեսնել Սրբազան Քահանայապետը երկրորդ դարադարծի հանդիսութիւններուն։



Սուրբ պատանքի ցուցադրութիւնը ապրիլ 10էն մայիս 23, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Շաբաթ` 10 Ապրիլ 2010, Իտալիոյ Թորինօ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ ցուցադրուեցաւ սուրբ պատանքը։ Այս ցուցադրութեան առթիւ Մայիս 2ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ Թորինօ քաղաքը։

Սուրբ պատանքի ցուցադրութեան առթիւ թեմի առաջնորդը` կարտինալ Փոլեթթօ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցէ երեկոյեան ժամը 6ին շրջապատուած թեմի կղերով։ Պատարագի մասնակցող հաատացեալներուն կարելիութիւն կ'ընծայուի մօտէն դիտելու սուրբ պատանքը։

Սուրբ պատանքը կամ սաւանը կը կրէ դրոշմը մօրուքաւոր եւ երկար մազերով մարդու մը, թիկունքէն եւ դիմացէն։ Անոր մարմինը կը կրէ բազմաթիւ վէրքեր, որոնք կը համապատասխանեն խաչելութեան սպիներուն, ինչպէս նաեւ՝ հետքեր՝ Յիսուսի կրած կողի սուրին։

Արդարեւ ապրիլ 10-մայիս 23 կարելիութիւն կը տրուի աշխարհի բոլոր ուխտաւորներուն տեսնելու հանրութեան դրուած Սուրբ պատանքը` ՜՜աշխարհի ամէնէն հռչակաւոր մասունքը՝՝։ Կը նախատեսուի այցելութիւնը 1,5էն երկու միլիոն այցելուներու։

Յայտնենք թէ 2000-ին ցուցադրուած սուրբ պատանքի այցելութեան առթիւ,ուխտաւորներ վկայեցին Թորինոյի պատանքին ենթադրեալ ուժը։










All the contents on this site are copyrighted ©.