2010-04-10 13:35:17

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հ Հ Uփիւռքի նախարարը Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է Մալթայի հայ համայնքի մասնագէտներու ներուժը ի նպաստ հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին։

Հ Հ սփիւռքի նախարարը Հրանուշ Յակոբեան7 Ապրիլին ընդունած է Մալթայի հայ համայնքի ղեկավար Վերա Պոյաճեանը որուն ընթացքին վեր առած է Մալթայի հայ համայնքի մասնագէտներու ներուժը ի նպաստ հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին ու նաեւ գնահատեց այնտեղ գործող կրթական , մխակութային ու երիտասարդական կառոյցներու գործունէութիւնները։

Այս առթիւ նախարար Յակոբեան տիկին Պոյաճեանի խորհուրդ տուած է որ ստեղծուի կանանց եւ երիտասարդական խորհուրդներ կրթամշակութային հաստատութիւններ միաժամանակ կարեւոր նկատելով անոնց Հայրենիքին մէջ գործող նմանատիպ կառոյցներու միջեւ սերտ կապեր հաստատելու եւ համագործակցելու փաստը։

Տիկ. Պոյաճեան ըսած է թէ ՜՜Կը ծրագրուի հայկական եկեղեցիի մը շինութիւնը ու նաեւ կիրակնօրեայ դպրոցի մը բացումը՝՝։

Խօսելով հայադարձութեան ծրագրին մասն սփիւռքի նախարարը խորհուրդ տուաւ ուսումնասիրել Մալթայի հայ համայնքի պատմութիւնը որը օգտակար կ՝ըլլայ Սփիւռքի հայ համայնքներու պատմութիւնը գրելուն։



Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւնը կ՝օժտուի նոր ուխտեալ կրօնաւորուհիով։

Կիրակի 11 Ապրիլ 2010 առաւօտեան ժամը 10.30-ին Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Մայր տան մատրան մէջ, Հայածէս ձայնաւոր Ս. Պատարագի ընթացքին զոր պիտի մատուցէ գերյ. Հ. Յովսէփ Ծ. վրդ. Քելեկեան, իր կրօնաւորական ուխտերը պիտի կատարէ նորընծայուհի՝ Քրիստին Իսահակ. Սուրիայէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.